Փարիզի միջազգային ցուցահանդէսի մէջ պիտի ներկայացուի հայկական զբօսաշրջային հնարաւորութիւնը

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը հայկական զբօսաշրջային ընկերութիւններու հետ համատեղ Սեպտեմբեր 29-էն Հոկտեմբեր 02-ը Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Փարիզի մէջ կայանալիք “TopResa 2015” զբօսաշրջային միջազգային հեղինակաւոր ցուցահանդէսին:
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի լրատուական ծառայութենէն Armenpress-ին տեղեկացուցած են, որ ցուցահանդէսի ընթացքում միջազգային հանրութեանը պիտի ներկայացուին Հայաստանի պատմամշակութային եւ քրիստոնէական հարուստ ժառանգութիւնը, մեր երկրի զբօսաշրջային ներուժը, գրաւչութիւնները եւ զբօսաշրջային արդիւնքը, ինչպէս նաեւ բազմատեսակ գովազդային նիւթեր:
“Խոշորագոյն այս ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութիւնը նպատակ ունի խթանելու Հայաստանի` իբրեւ զբօսաշրջութեան համար բարենպաստ եւ գրաւիչ երկրի միջազգային հեղինակութիւնը, բարձրացնելու երկրի ճանաչելիութեան մակարդակը, նպաստելու ներգնայ զբօսաշրջային հոսքերու աճին:
Հաշուի առելով այն հանգամանքը, որ միջազգային այս ցուցահանդէսին այցելուներու շարքին են սպասարկման ծառայութիւններ մատուցող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հայկական ընկերութիւններու համար մեծ հնարաւորութիւն կայ նոր գործընկերներ ձեռք պիտի բերէ եւ շահաւէտ գործարքներ կնքելու համար”, նշած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատրեան:
«TopResa’ 2015 են աշխարհի խոշորագոյն զբօսաշրջային ցուցահանդէսներէն է, որուն ներկայացուած են 160 երկիրներու աւելի քան 1200 կազմակերպութիւններ եւ շուրջ 30 հազար զբօսաշրջութեան ոլորտի ներկայացուցիչներու մասնագէտներ: