Պարաք Օպաման եւ Սերժ Սարգսեանը քննարկած են համահայկական նշանակութեան հարցեր

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 28-ի երեկոյեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցած է ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամայի անունով` ի պատիւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամբլէայի 70-րդ նստաշրջանին մասնակցող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու տրուած ընդունելութեան:

Ընդունելութեան ընթացքին Նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Սերժ Սարգսեան ունեցած են կարճ զրոյց, որուն ժամանակ քննարկած են համահայկական նշանակութեան հարցեր: Այս մասին “Հայերն այսօր”-ը կը տեղեկանայ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

 

Scroll Up