Չեխիոյ նախագահը այցելած է հայ գործարարի հիմնած մեղրով թխուածքի «Մարլենքա» հանրայայտ գործարան
Սեպտեմբեր 22-ին Մորաւասլեզլեան տարածաշրջան կատարած այցի ծիրէն ներս Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման այցելած է նաեւ «Մարլենքա» գործարան եւ ծանօթացած յայտնի գործարար Գէորգ Աւետիսեանի հիմնադրած թխուածքի արտադրութեան: Չեխիոյ նախագահը ոչ միայն շրջած է գործարանին մէջ, ծանօթացած արտադրական գործընթացին, այլեւ հանդիպած աշխատակիցներուն, զրուցած եւ ծանօթացած անոնց աշխատանքային պայմաններուն:
Սուրճի սեղանի շուրջ նախագահ Զեման զրուցած է նաեւ Գէորգ Աւետիսեանի հետ, իր հիացմունքը յայտնած հայկական թխուածքով, հետաքրքրուած «Մարլենքայի» տարածման աշխարհագրութեամբ: Գէորգ Աւետիսեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին ոչ միայն այցելութեան համար, այլեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին անոր կատարած հայանպաստ յայտարարութեան համար: Նախագահի այցելութիւնը տեւած է 1.5 ժամ: Նախագահի ներկայութեամբ «Մարլենքա Ինթերնեշընլ» ընկերութեան նախագահ Գէորգ Աւետիսեան եւ Մորաւասլեզեան երկրամասի նահանգապետ Միրոսլաւ Նովակը ստորագրեցին համագործակցութեան հռչակագիր: Հաշուի առնելով , որ ընկերութեան այցելութիւններու շրջանին մէջ մեծ թիւ կը կազմեն դպրոցականները, «Մարլենքա» ընկերութիւնը անակնկալ նուէր մատուցած է նաեւ երկրամասի կրթական կեդրոնին:
Իսկ երեկոյեան, Օստրաւայի մէջ Մորաւասլեզեան տարածաշրջանի գործարարներու հետ ընթրիքի ընթացքին նախագահը յատուկ յիշատակած է Մարլենքայի արտադրութիւնը, ընդգծելով, որ այն լաւագոյնս կը ներկայացնէ ոչ միայն մարզը, այլեւ ողջ Չեխիան:
ՕՐԵՐ
Լուսանկարները` Hana Brožkovոյ (archiv KPR)