Յունաստանի ափերուն 8 ամսական սուրիացի երկուորեակ փրկած են (լուսանկարներ)

Յունաստանի ափերուն փախստականներով լեցուն նաւակ մը հրաշքով չէ խորտակած եւ յաջողած են փրկել երեխաներուն` մէջը ըլլալով 8 ամսական երկուորեակներ: Երեխաներու ծնողները փոքրիկներուն փաթթած են տաք ծածկոցներու մէջ, իսկ փոքր նաւակը հազիւ  փրկուած է խորտակումէն: Անոնց լուսանկարները, որոնք panorama.am-ի փոխանցմամբ` հրապարակած է Dailymail-ը, նոր ցնցում  յառաջացուցած են Եւրոպայի մէջ:

Յիշեցնենք` սուրիացի երեխան, որ մահացած էր Մայիսի սկիզբը, դարձած է վերջին ժամանակներու ողբերգութեան խորհրդանիշը:

Scroll Up