ՀՀ Անկախութեան 24-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ Ռումանիոյ Գոնստանցա քաղաքին մէջ

Սեպտեմբեր 19-ին Ռումանիոյ Գոնստանցա քաղաքին մէջ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ ՀՀ Անկախութեան 24-րդ տարեդարձը: Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ եւ Ռումանիոյ Հայոց միութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը, ազգային հիմներու հնչիւններէն յետոյ, ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Ռումանիոյ Հայոց միութեան մասնաճիւղի նախագահ Խաչիկ Կարապետը, Գոնստանցայի հոգեւոր հովիւ, Տէր Օշական Խաչատրեան: Հայաստանի անկախութեան վերաբերեալ պատմական ակնարկով ներկայացաւ գրող Լուիզա Թերզեան:
Ձեռնարկի հիւրերէն ռումանացի գրող Մարիուս Գելարուն ներկայացուց «Անդրկովկասով. Երեւանէն Լեռնային Ղարաբաղ» աշխատութիւնը, ուր ամփոփուած են հեղինակի` Հայաստան եւ Արցախ կատարած ճամփորդութիւններէն ստացած տպաւորութիւնները` յագեցած ազատ Արցախի եւ Հայաստանի պատմութեան դրուագներով եւ լուսանկարներով:
Ձեռնարկի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ ռումանահայ գրող, դոկտոր Արշալոյս Սարգսեան-Գուրաուի «Հարցազրոյցներ, դիմանկարներ, վերլուծութիւններ եւ յօդուածներ» գիրքի շնորհանդէսը, ուր ամփոփուած են Գոնստանցայի հայ համայնքի ականաւոր անձնաւորութիւններու, արուեստի եւ մշակոյթի հայ գործիչներու դիմանկարները եւ անոնց հետ հարցազրոյցները, համայնքային յիշարժան ձեռնարկներուն վերաբերեալ հեղինակի յօդուածները:
Հանդիպման բանախօսները եւ հիւրերը հարցազրուցներ տուին ձեռնարկը լուսաբանող ռումանական լրատուամիջոցներուն: