Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան 24-րդ տարեդարձը

Յակոբ Վարդիվառեան կը գրէ.

Համայն Հայութիւնը Հայրենիքի թէ Սփիւռքի տարածքին  տօնախմբեց  Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան 24րդ տարեդարձը։  Մեր ժողովուրդը մի´շտ ալ  հպարտօրէն նշած է ու կը նշէ եւ կը պանծացնէ այս տարեդարձը, որովհետեւ գերազանցապէս գիտէ արժեւորել իւրաքանչիւր անկախացման գործընթացին կարեւորութիւնը:

Մեր վերանկախութեան տարեդարձը Մայիս 28, 1918 թուականն է, որ իրականացաւ ամբողջական հայութեան, միահամուռ եւ միակամ պայքարով`  Սարտարապատի ճակատամարտով: Մայիս 26ին, երբ մեր ազգին բոլոր զաւակները` հոգեւորականն ու գիւղացին, բանուորն ու ազատամարտիկը, ուսուցիչն ու կուսակցական գործիչը, յաջողեցան կասեցնել թրքական յառաջխաղացքը դէպի Այրարատեան նահանգ, եւ երկու օր ետք, Անդրկովկասեան Սէյմին քայքայումովը ծնունդ առաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը եւ վերանկախացաւ 600 տարիներէ ի վեր իր անկախութիւնը կորսնցուցած մեր հայրենիքը։  Մեր իրա´ւ անկախութեան թուականը կ’երթայ ետ մինչեւ Արտաշէսեան Հարստութիւն։

Այնուհետեւ, մեր առաջին հանրապետութիւնը չկարենալով շարունակել իր ազգային առաքելութիւնը` այսինքն պաշտպանել մեր հողային տարածքներն ու ապահովել ժողովուրդին բարօրութիւնը, պետականութիւնը յանձնեց Խորհրդային Հայաստանի վարիչներուն  ու Նոյեմբեր 29, 1920ով ծնաւ մեր Երկրորդ Հանրապետութիւնը` գերազանցապէս հայկական հանրապետութիւնը։  71 տարիներ բերաւ բարիք մեր ժողովուրդին։  Ունեցաւ իր բարձրագոյն ուսումնական հիմնարկները, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան, ազգային մշակութային իր հաստատութիւնները, 1946-1948 թուականներուն կազմակերպեց ազգահաւաքը, կառուցեց ազգային ժառանգութեան նոր մեր մեհեանը` Մատենադարանին ծնունդ տուաւ ու դարաւոր մեր եկեղեցիին` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին վերելքը ապահովեց համայն հայութեան մօտ։  Ու դեռ  ապահովեց մեր սահմանները եւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմով ցոյց տուաւ իր երիտասարդութեան մարտունակութիւնը։  Վերջապէս եղաւ ընդհանրական բարիք մը մեր ժողովուրդին համար։

Սակայն Խորհրդային կարգերու փլուզումով Սեպտեմբեր 21, 1991ին,

ծնունդ առաւ մեր Երրորդ Հանրապետութիւնը։

Ֆրանսան իր յեղափոխութեամբ ունեցաւ իր անկախութեան ազգային տօնը Յուլիս 14, 1789ին։  Այնուհետեւ Ֆրանսան ունեցաւ հինգ հանրապետութիւններ` վերջինը` Զօրավար Շարլ տը Կոլի կողմէ ծնունդ առած հանրապետութիւնը։  Եւ սակայն բովանդակ այդ 226 տարիներուն ֆրանսացի ժողովուրդը Յուլիս 14ը կը տօնէ որպէս անկախութեան տարեդարձի օր, որ աւելի ծանօթ է Պասթիլի գրաւման օր երբ Ֆրանսայի Լուի 16րդ արքան դուրս կը դրուէր Վերսայլէն։

Մեր ժողովուրդին Պասթիլը` անպայմանօրէն Սարտարապատն է եւ միա՛յն Սարտարապատը։  Մեր իրա´ւ ժողովուրդին գոյամարտն ու յաղթութիւնն է Սարտարապատի, Սարըքամիշի, Ղարաքիլիսայի դաշտերուն վրայ …։

Այժմ հպարտութեամբ արձանագրելու ենք մեր երրորդ հանրապետութեան իրագործումները։  Որքան ալ ազատ մամուլը կ’ուզէ սեւացրեքեան աշխատանքով նսեմացնել երբեմնի մեր իրերյաջորդ նախագահներու` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի եւ այժմու նախագահ Սերժ Սարգսեանի կառավարութեանց դրական ձեռք բերումները, սակայն անկասկած պատմութիւնը պիտի արձանագրէ այն վիթխարի յաջողութիւնները զորս կատարեցին անոնք։

Առաջին.  Մեր հողային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը մնաց անսասան։  Եւ ոչ միայն մեր զինուորները պաշտպանեցին Հայաստանի 30 հազար քիլոմեթր ուեցող տարածութիւնը, այլեւ`  ծնունդ առած Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին Արցախի մեր հանրապետութեան եւ տարածաշրջաններու հայկականութիւնը` դուրս նետելով եկուոր ազերիներն ու այլ փոքրամասնութիւնները։  Շնորհիւ այսօրուան մեր հանրապետութեան զինուժերուն եւ քաղաքական վարիչներուն ունինք հայկականութեամբ տրոփիւն մեր Արցախը։

Երկրորդ.  Պատիւով արձանագրելու ենք մեր հանրապետութեան դիւանագիտական կազմին արժեւորումը։  Մանաւա´նդ մեր այժմու արտգործ նախարարին` Տիար Էտուարտ Նալպանտեանի նուրբ դիւանագիտական աշխատանքը, որ պահելով հանդերձ հաւասարակշութիւն մը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մեծ պետութեանց միջեւ, ապահոված է մեծագոյն յարգանքը իր անձնակազմին ու աշխարհով` աւելի 40 երկիրներու մէջ ունեցած իր դեսպաններու եւ հիւպատոսներու շնորհիւ յարգանքը դէպի մեր Հայաստանը։  Այս համբուրելի դիւանագէտներէն է անկասկած ՄԱԿի մօտ ՀՀ մեր շատ սիրելի հաւատարմատարը` Պարոն Զօհրապ Մնացականեանը։  Պէտք ենք ըսել որ մեր արտգործ նախարարը հաւատալով իր առաքելութեան կը տանի իսկապէս շնորհալի աշխատանք։

Երրորդ.  Մեր այսօրուան իշխանութիւնները վերահասու ըլլալով մեր երկրի աշխարհաքաղաքական միջավայրին եւ մեր դրացիներուն ունեցած կրօնական ու ցեղային ժառանգութիւններուն, մնացին հաւատարիմ նախկին հանրապետութեան գիտակից ռազմավարութեան թէ հայ ժողովուրդին մնայուն եւ հիմնական բարեկամը կը մնայ ու պիտի շարունակէ մնալ Ռուս Ժողովուրդը։  Ուրախ ենք որ երկկողմանի համաձայնութեամբ մը ոչ միայն ապահոված եղանք Հայաստանի Արեւմուտքի սահմանը` այսինքն թրքական կողմի, այլեւ մեր չորս սահմանները` հիւսիսէն հարաւ ու արեւելքէն` արեւմուտք։  Այս առթիւ մեր մնայուն յարգանքը անպայմանօրէն տալու ենք Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Պարոն Սէյրան Օհանեանին։

Չորրորդ. Հայաստանի մշակութային միջազգայնացման ու պահպանման կեանքին մէջ մեծ է դերը մեր Մշակոյթի նախարարին Տիկին Յասմիկ Պօղոսեանին։  Անցնող տարիներուն Հայաստանի տարածքին ի գործ դրուած համերգները, ֆէսթիվալները, նուագահանդէսները, թատերական ելոյթները Երեւան հրաւիրեցին Եւրոպացի թէ Ամերիկացի արուեստի աշխարհի մեծագոյն անունները, որոնք վերադարձան սքանչացած հայկական մշակոյթի որակին, բարձրութեան ու թարմութեան վրայ։  Կարեւոր աշխատանք մըն է որ մեր շատ սիրելի նախարարուհին կատարեց ու տակաւին կը շարունակէ կատարել։

Հինգերորդ. Այս ամբողջին մէջ գնահատանքի արժանի է նորաստեղծ Սփիւռքի նախարարութիւնը, որ անկասկած շարունակականութիւնն է անցեալի Սփիւռքի հետ Մշակութային Կապի կոմիտէութեան։  Հայը, այս նախարարութեան քանի մը տասնեակ իր նախաձեռնութիւններով,աւելի հայ զգաց ու զանազան առիթներով այցելեց Մայր Հայաստան։  Պատանիներէն մինչեւ գիտնականներ, բժիշկներէն` ոսկերիչներ, գրողներէն` առեւտրականներ տուին յաճախակի այցելութիւններ. եւ այս ոչ միայն մեր աւանդական սփիւռքէն, այլեւ` եւրոպական նորակազմ գաղութներէն ու Խորհրդային Միութեան նախկին հանրապետութիւններէն։  Ու վերջին տարիներուն մեր սուրիահայ եղբայրներուն նախարարութեան ցուցաբերած եղբայրական օգնութիւնն ու սրտբաց ընդունումը կը վկայակոչեն ինքնին այն հարազատութիւնը որ ունի մեր սիրելի նախարարուհին Տիկին Հրանուշ Յակոբեանը:

Վեցերորդ. արձանագրելու ենք այս առթիւ որ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութիւնը եղաւ օրհնութիւն մը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։  Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Հայրապետը մեր մայրավանքն ու Սուրբ Աթոռը  վերածած է Հայոց Վատիկանին։  Շինարարական, կրթական, հրատարակչական, միջ եկեղեցական իր նախաձեռնութիւններով ու ծառայութիւններով Հայաստանեայց Եկեղեցին կ’ապրի իր ոսկեդարը։  Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանէն շրջանաւարտ մեր երիտասարդ հոգեւորականները արդէն սկսած են բերել ծառայութիւն Սփիւռքի տարտղնուած համայնքներէն ներս եւ վստահաբար շուտով պիտի առաջնորդեն թեմական մեր կեանքը։

Եւ վերջապէս կը մնայ տնտեսական ապահովութիւնն ու գործի կարելիութիւնները Հայաստանի սահմաններէն ներս։  Այսօր տնտեսական աշխարհը ինքնին մարդկութեան կը ներկայանայ ոչ բաղձալի դրութեամբ։  Ունինք հայրենիք մը որ շրջափակուած է դժբախտաբար, բայց ունինք ժողովուրդ մը որ ունի բարձր կրթութիւն եւ աշխատելու եռանդ ու կորով։  Առիթ պէտք են տալ այն երկու տասնեակ ընտանեկան ու խնամիական համախմբումները, որպէսզի այդ նոր սերունդը կարենայ մաս կազմել տնտեսական այդ կեանքին արձանագրելու համար նոր ժամանակներու չափանիշերով վերելքներ։  Կարելի չէ հարստութիւնը բաժնել կարգ մը ընտրանի շրջանակներէ ներս, այդ ռամկավարական մեր ըմբռնողութեան հակառակ է եւ կրնայ աղիտաբեր ըլլալ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան համար … որովհետեւ ազգովին այսօր պատրաստ չենք դինաւորելու Չորրորդ Հանրապետութիւն մը։  Թող մեր Հայաստանի հարուստները բաժին վերցնեն իրենց հարստութենէն ուրիշներու, որպէսզի ստեղծուին տնտեսական նոր կարելիութիւններ։  Ու այսպիսով նոր սերունդը մնայ մայր հողին վրայ եւ չերթայ հեռաւոր Սիպերիաներ գործ փնտռելու։

Սակայն այս սրտցաւ մտածումներէն անդին կը մնայ միայն շնորհաւորել մեր Երրորդ Հանրապետութեան տարեդարձը, որ կը զուգադիպի աշնան առաջին օրուան։  Աշունը Հայաստանի ամենէն գեղեցիկ եղանակն է եւ թող այդ գեղեցկութիւնը դառնայ համատարած ու հայեր միշտ այցելեն իրենց երեք հազարամեայ հայրենիքը` Մայր Հայաստան։

Բարի տարեդարձ սիրելի Հայաստան։

Scroll Up