ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց աւստրալահայ գործարար Ռիչարտ Շեմէսեանը
Սեպտեմբեր 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հիւրն էր «Ափոլօ հանքաարդիւնաբերական ընկերութեան ղեկավար, աւստրալահայ Ռիչարտ Շեմէսեանը եւ մայրը` Լուսինէ Մանճիյեանը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը աւստրալահայ հիւրին ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները, մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն ցուցաբերուող աջակցութեան ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները:
Ռիչարտ Շեմէսեան շնորհակութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, ներկայացուց իր տպաւորութիւնները «Մուսա լերան 100 ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն վերաբերեալ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Աւստրալիոյ «Ափոլօ» ընկերութեան եւ հայաստանեան հանքարդիւնաբերական ընկերութիւններու միջեւ հնարաւոր համագործակցութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ աւստրալահայ համայնքին հետ աշխատանքները աւելի սերտացնելու եւ համակարգուած կազմակերպելու ուղղութեամբ: