Թուրքիոյ մէջ ապաստանած սուրիացիներու 56 տոկոսը կը ցանկայ վերադառնալ Սուրիա

Թուրքիոյ մէջ սուրիացի փախստականներու համար ստեղծուած ապաստաններէն դուրս գտնուող փախստականներու  75 տոկոսը ապաստարան գտնելու, իսկ 82 տոկոսը` աշխատանք գտնելու խնդիրի առջեւ կանգնած է: Փախստականներու 56 տոկոսը ցանկութիւն ունի վերադառնալու Սուրիա, իսկ 16 տոկոսը` պիտի տեղափոխուի որեւէ այլ երկիր:

Այս մասին ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` կը տեղեկացնէ թրքական ընդդիմադիր “Hurriyet” պարբերականի կայքը` հիմնուելով Xsights գիտահետազօտական կեդրոնի կատարած վիճակագրական հետազօտութեան արդիւնքներուն վրայ:

Ըստ նոյն աղբիւրի` սուրիացի փախստականներու միան 38 տոկոսը գոհ է Թուրքիոյ մէջ իր ապրելակերպէն, իսկ 21 տոկոսը մտադիր է մշտապէս բնակութիւն հաստատել Թուրքիոյ մէջ:

Xsights ընկերութեան տնօրէն Չիղդեմ Փեննի խօսքով` հետազօտութեան անհրաժեշտութիւնը ծագած է այն պատճառով, որ Թուրքիոյ փախստականներու ապաստարաններէն դուրս  գտնուող սուրիացի ներգաղթեալներու մասին գրեթէ որեւէ փաստացի տուեալ չէ եղած:

Հետազօտութիւնը իրականացուած  է 2015թ. Յունիս–Յուլիս ամիսներուն` Սթամպուլի, Հաթայի եւ Գազիանթեփի 250 սուրիացի փախստականներու հետ դէմառդէմ հանդիպումներու միջոցով:

Հետազօտութեան արդիւնքով նաեւ պարզուած է, որ ճամբարներէն դուրս գտնուող դպրոցահասակ սուրիացի երեխաներու 30 տոկոսը ընդհանրապէս դպրոց չ’երթար, անոնց 52 տոկոսը կը յաճախէ սուրիական դպրոցներ, 14 տոկոսը` եւ սուրիական, եւ թրքական դպրոցներ, իսկ 4 տոկոսը` միայն թրքական դպրոցներ:

Փախստականներու կացարաններէն դուրս ապրող սուրիացիներու 90 տոկոսը կը համարէ, որ   Թուրքիոյ մէջ բնակարանավարձը սուղ է: Անոնք բնակարաններու համար ամսական կը վճարեն միջինը 719 թրքական լիրա: Փախստականներու 82 տոկոսը Թուրքիոյ մէջ կը դժուարանայ աշխատանք գտնել, անոնց 32 տոկոսը կը կարծէ , որ պատճառը լեզուային արգելքն է, 26 տոկոսի կարծիքով`  Թուրքիոյլ մէջ սուրիացիներուն վճարուող ցած աշխատավարձը, իսկ 21 տոկոսը համոզուած է, որ պատճառը իրենց` փախստականներու նկատմամբ անկարեկից վերաբերումն է:

Scroll Up