Ամերիկահայերը Հայկական դրամագիտութեան եւ հնութիւններու ընկերակցութիւն ստեղծած են

Չիգակոյի մէջ Հայկական դրամագիտութեան եւ հնութիւններու ընկերակցութիւն ստեղծուած է: Կազմակերպութեան առաջին նիստին ելոյթ ունեցած են դրամագիտութեան առաջնակարգ փորձագէտներ Լեւոն Սարեանն ու Ֆրանկ Քովաչը:

Ըստ coinsweekly.com-ի, ընկերակցութեան նպատակն է` միաւորել հայկական դրամով հետաքրքրուող բոլոր հայերն ու անոնց համար հարթակ ապահովել` իրենց հաւաքածուները ներկայացնելու, իրեր վաճառելու եւ գաղափարներ փոխանակելու համար. կը գրէ news.am-ը:

Ներկայիս մշակման փուլին գտնուող կայքի մէջ նաեւ հայկական գիրքերու, գորգերու, ասեղնագործութեան, ձեռագիրներու եւ մետաղներու մասին բաժիններ պիտի ըլլան: Կազմակերպիչները նաեւ կը ծրագրեն դրամներու եւ հին իրերու մասին ամսագիր հրատարակել:

Ընկերակցութեան նախագահ Ժաք Հաճինեանի խօսքով, կազմակերպութեան բազմաթիւ անդամներ Արեւմտեան Հայաստանէն հայերու ժառանգներ են, եւ անոնց ամբողջ կարողութիւնը, ներառեալ՝ մետաղադրամները, խեցեգործ իրերը, ձեռագիրերն ու թանկարժէք իրերը, կորսուած կամ գողցուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ: “Այդպիսով մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք այդ իրերուն ու սերունդներու համար կը պահպանենք մինչեւ մեզի հասածը»,- նշած է Հաճինեանը:

Scroll Up