Հայաստանի Մէջ Պիտի Հիմնուի Վերելակներ Արտադրող Գործարան

Մինչեւ 2018 թուականը Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուի վերելակներ արտադրող գործարան: «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան մամուլի սրահին մէջ Սեպտեմբեր 18-ին համագործակցութեան յուշագիր ստորագրեցին «էյ Դի Էյ Թեք» ՍՊԸ–ն եւ Չինաստանի «Կոյօ» վերելակաշինական գործարանը: Կազմակերպութիւնները պիտի համագործակցին տարբեր ուղղութիւններով` որոնց շարքին պիտի իրականացնեն գործարանի ստեղծման ուղղուած աշխատանքներ:
«Չինական կազմակերպութիւնը պարտաւորւում է հիմնել Հայաստանում «Կոյօ» կազմակերպութեան առեւտրային ներկայացուցչութիւն` ի դէմս «էյ Դի Էյ Թեք» ՍՊԸ-ի: Վերջին մի քանի տարուայ ընթացքում մենք սերտ համագործակցել ենք ընկերութեան հետ, Հայաստանում տեղադրած վերելակներ կան, մեծ յաջողութեամբ շահագործւում են: Մեր շինարարական կազմակերպութիւնն այս պահին իրականացնում է ՀՀ նախագահի սոցիալական բնոյթի շէնքերի կառուցման նախագիծ, եւ հէնց այնտեղ տեղադրում ենք մեր գործընկեր կազմակերպութեան վերելակները»,-նշած է «Էյ Դի Էյ Թեք» ՍՊԸ տնօրէն Վահրամ Մելքումեան:
Անոր խօսքով` վերելակաշինութեան զարգացումը ֆինանսական մեծ յաջողութիւններ պիտի բերէ հայկական կողմին համար: «Համագործակցութեան սկիզբը տեղի կ’ունենայ մասնագէտների վերապատրաստմամբ: Մեր մասնագիտական կարողութիւնները չեն զիջում որեւէ երկրի կարողութիւններին, յուսով ենք` լաւ համագործակցութիւն կը ստացուի: Այս պահին չեմ ցանկանայ նշել, թէ որտեղ է լինելու գործարանը, որովհետեւ վերջնական պայմանաւորուածութիւն դեռ չկայ: Հիմնուելու է ոչ Երեւանում»,-աւելցուցած է Վահրամ Մելքումեան:
«Կոյօ» վերելակաշինական գործարանի սեփականատերտնօրէն Նենսի Ժանգ շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ կառավարութեան եւ «Էյ Դի Էյ Թեք» ընկերութեան` իրենց համագործակցութեան նման հնարավարութիւն ընձեռելու համար: «Էյ Դի Էյ Թեք» ընկերութեան հետ 9 տարիէ կ՛աշխատինք, Հայաստան ներմուծուած է մօտ 100 վերելակ: Հայաստանը առեւտրական իմաստով շատ նպատակային երկիր է` հաշուի առնելով, որ ան ԵՏՄ-ին կ՛անդամակցի: Հայաստանէն մենք կրնանք մուտք գործել Իրանի եւ Եւրոպայի շուկայ»,-նշած է Նենսի Ժանգ:
«Կոյօ» վերելակաշինական գործարանի սեփականատեր-տնօրէնը շեշտեց, որ իրենք նպատակ ունին նաեւ մասնագէտներու վերապատրաստում իրականացնել,: «Նպատակ ունինք Հայաստանի մէջ կառուցել վերելակներու արտադրութեան ձեռնարկութիւն, մինչեւ 2018 թուականը: Նախապատրասատկան աշխատանքներ կան, պիտի պատրաստենք որակեալ մասնագէտներ: 2018-ին պիտի սկսինք ապրանքը արտահանել նախկին ԽՍՀՄ եւ Եւրոպական շուկայ»,- աւելցուցած է ան:
Յուշագիրով «Կոյօ» ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ կը հիմնէ առեւտրային ներկայացուցչութիւն, ի դէմս «Էյ Դի Էյ Թեք» ընկերութեան: Նշուած ընկերութիւնը ունի կառուցապատման ընթացիկ լայնածաւալ ծրագիրներ եւ արտադրական, շինարարական ենթակառուցուածքներ: Վերելակներ արտադրող գործարարանի հիմնադրումը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ մատչելի գինով բաւարարել Հայաստանի ներքին շուկայի պահանջարկը, պիտի ապահովէ վերելակային տնտեսութեան ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան սպասարկումը եւ պիտի խթանէ պատրաստի արտադրանքի արտահանումը:
Կառոյցի հիմնադրութեան համար կը պահանջուի 5 միլիոն տոլարի ներդրումներ եւ պիտի ստեղծէ մօտ 120 աշխատատեղ: