ՌԴ-ը կ’ընէ հնարաւոր ամէն ինչ ԼՂ խնդիրի շուտափոյթ լուծման համար. ՌԴ ԱԳՆ

Ռուսաստան կ’ընէ ամէն ինչ, որպէսզի որքան հնարաւոր է շուտ լուծուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:

ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքի հաղորդմամբ` այդ մասին տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Ոուսաստան աշխուժօրէն ներգրաւուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին: Պաշտօնական Մոսկուան կը հանդիսանայ այդ գործընթացի աշխոյժ մասնակիցը: Մենք կ’ընենք անհրաժեշտ ամէն ինչ, որպէսզի որքան հնարաւոր է շուտ մօտեցնենք այդ խնդրի լուծումը»,- ըսած է Զախարովան:

 

Scroll Up