«Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչները հիւրընկալուեցան Սփիւռքի նախարարութեան մէջ

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմնի նախագահ Եսայի Հաւաթեանը, կեդրոնական մարմնի անդամ Յակոբ Այնթափցեանը, «Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի պատասխանատուներ Գաբրիէլ Փանոսեանը եւ Խաչիկ Թոսունեանը:

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը իր գոհունակութիւնը յայտնեց  «Մուսալեռ» հայրենակցական միութիւններու կողմէ աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ Հայրենիքի մէջ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի ձեռնարկները յաւուր պատշաճի կազմակերպելու կապակցութեամբ:

Ան շնորհաւորեց հիւրերը մուսալեռցիներու առաջին հանգրուանի` Այնճարի հիմնադրման 75 ամեակի առթիւ եւ, մասնաւորապէս ըսաւ. «Ֆրանսիայի կառավարութեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան, այլ բարերարների կողմից մուսալեռցիներին նուիրուած լիբանանեան ճահճոտ, անապատային հողակտորը դուք դարձրիք ծաղկուն ովասիս, հայրենի այգեստան: Այնճարը` անառիկ Մուսադաղի մի փոքրիկ պատառիկը` իր վեց գիւղերը խորհրդանշող թաղամասերով, իր դպրոցներով ու եկեղեցիներով, երիտասարդաց ու կանանց միութիւններով, որբանոցով ու մշակութային կենտրոններով, հիւանդանոցով ու այլ կառոյցներով դարձաւ մի  իւրօրինակ փոքրիկ Հայաստան Մերձաւոր Արեւելքում: Տաղանդաւոր ինժեներ-ճարտարապետ Յակոբ Քեշիշեանի նախագծած արծուային ճարտարապետական կառուցուածքով, իր հայրենաշունչ նկարագրով ու պատմութեամբ Այնճարը մի բացառիկ երեւոյթ  է Սփիւռքի պատմութեան մէջ, հայկական համայնքի մի կատարեալ մոդել, որը պէտք է օրինակ ծառայի աշխարհի բոլոր համայնքների համար: Այսօր էլ դուք շարունակում էք պահպանել ու զարգացնել ձեր քաջ  նախնիներից ժառանգուած արժէքները»:

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմնի նախագահ Եսայի Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ աջակցութեան համար` նշելով, որ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ իրենք կը զգան ինչպէս իրենց սեփական տան մէջ: Ան ներկայացուց հերոսամարտի 100-ամեակի առթիւ իրենց կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկները եւ հաւաստիացուց, որ այսուհետ առաւել աշխուժօրէն պիտի համագործակցին նախարարութեան հետ:

Քննարկուեցան յառաջիկայ ձեռնարկներու շարունակութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակին հետ կապուած հարցեր:

Scroll Up