Տեղի կ’ունենայ մուսալեռցիներու կենցաղին նուիրուած ժամանակաւոր ցուցադրութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/մւսալեռ.jpg)
Սեպտեմբեր 18-ին ժամը 11:00-ին Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս տեղի կ’ունենայ այցելութիւն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, այնուհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ կը կայանայ Մուսա լերան հերոսամարտին, մուսալեռցիներու կենցաղին նուիրուած ժամանակաւոր ցուցասրահի բացումը եւ «Ֆրանսական պետութեան աջակցութիւնը հայերուն» գիրքի շնորհանդէսը: