Թուրք դերասանուհին դրուագաշարի մէջ պիտի մարմնաւորէ հայ աղջկայ կերպար

Թուրք դերասանուհի Մարալ Պիւեօւքսարաչ պիտի նկարահանուի «Այն ամառը» խորագիրով դրուագաշարի մէջ եւ պիտի մարմնաւորէ հայկական ընտանիքի չարաճճի աղջկայ դեր:

Թրքական «Rotahaber» լրատուամիջոցի հաղորդմամբ` հեռուստատեսային դրուագաշարը պիտի հեռարձակուի «Fox Tv» հեռուստալիքով, կը տեղեկացնէ ermenihaber.am-ը:

Դերասանուհին վերոնշեալ դերին մէջ խաղալ կարենալու համար Իզմիր (պատմ Զմիւռնիա) քաղաքին մէջ արդէն 2 ամիս է, որ մարտարուեստի,  ինչպէս նաեւ ձիավարութեան դասընթացներու կը հետեւի, քանի որ ֆիլմին մէջ պիտի ըլլան նմանատիպ դրուագներ:

Կը նշուի, որ դերասանուհին առաջին անգամ պիտի խաղայ մարտական ժանրի ֆիլմի մէջ:

 

Scroll Up