«Կինօ-էքսփրէս 2015» ֆիլմի փառատօնը Նինոծմինտայի մէջ

Ոսկէ ծիրան ֆիլմի փառատօնի եւ Վրաստանի ֆիլմի գործիչներու միութեան կողմէ Նինոծմինտայի թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Կինօ-էքսփրէս 2015» ֆիլմի փառատօնը: Երեք օրուան ընթացքին այստեղ ցուցադրուեցան ինչպէս հայկական, այնպէս ալ վրացական ֆիլմեր: Այս տարուան ֆիլմի փառատօնը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ akhaltskha.net-էն:

Փառատօնի վերջին օրը իրականացուեցաւ «Կինօ-էքսփրէս 2015 –ի» փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին «Ոսկէ Ծիրան» ֆիլմի փառատօնի պատուաւոր նախագահ Լեւոն Սարգսեան եւ փառատօնի հիմնադիր եւ անուանի բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեան, որոնք փառատօնի փակման ժամանակ յանձնեցին գովասանագրեր, պատուոգրեր Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ Նինոծմինտայի քաղաքապետարաններու ղեկավարութեան տուեալ ծրագիրին աջակցելուն համար:

 

Scroll Up