Եկեղացական արարողութիւններ Հիւսիսային Իրաքի հայաբնակ շրջաններու մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/Aram-4.jpg)
Իրաքի Հաւրէզք հայաբնակ գիւղի նորակառոյց եկեղեցւոյ նաւակատիքըը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 3-ին, ուր կատարուեցաւ սեղանի տեառանագրումը եւ օրհնութեան աղօթքի ընթերցումը: Այս մասին “Հայերն Այսօր”-ին Իրաքէն կը յայտնէ Արամ սարկաւագ Քէթէնճեան
Յաջորդ օր առաւօտուն, ձեռամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ, Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանի կատարուեցաւ եկեղեցւոյ օծման ծէսը սկսելով Ս. Սեղանէն, որուն յաջորդեց 16 սիւներու օծումը: Օծման արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ երբ առաջնորդ սրբազան հայրը նորօծ եկեղեցին անուանեց «Սբ. Սարգիս»
Նոյն շրջանի Աւզրուկ գիւղի (զուտ հայկական գիւղ, որուն բնակչութիւնը ամբողջովին Քրտախօս հայեր են) մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ Սբ. սեղանի օծում. գիւղի «Սբ. Վարդան եկեղեցին» վերջերս բարենորոգումներու ենթարկուած էր եւ Սեղանը ընդարձակուած, հետեւաբար Սեպտեմբեր 2-ին ձեռամբ Թեմիս առաջնորդին կատարուեցաւ Սբ. Սեղանի օծման արարողութիւն:
Իրաքի Թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանին ձեռամբ, կատարուեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն Տհօքի «Սբ. Ներսէս Շնորհալի» եկեղեցւոյ մէջ:
Սեպտեմբեր 5-ին յընթացս Սբ. Պատարագի սրբազան հայրը Ռոստոմ սրկ. Սարգիսեանը քահանայ ձեռնադրեց՝ զինք վերանուանելով Տ. Տիրան: