Սինան Օղան. «Հայաստան PKK-ի համար երկրորդ Քանդիլ է»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/mhp_sinan_ogan_i_ihrac_ediyor.jpg)
Հիւսիսային Իրաքի մէջ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) ռազմաճամբարներուն թրքական օդուժի հարուածներէն, ինչպէս նաեւ Իգտիրի մէջ թուրք-քրտական բախումներէն յետոյ Թուրքիոյ որոշ քաղաքական գործիչներ հանդէս եկած են անհիմն եւ սադրիչ յայտարարութիւններով: Նշած են, թէ իբր Հայաստանի մէջ տեղակայուած է ՔԲԿ-ի ռազմաճամբարներէն մէկը: Նման տեսակէտ հնչեցուցած է մասնաւորապէս Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (ԱՇԿ-MHP) նախկին պատգամաւոր Սինան Օղան: Վերջինիս ձեւակերպմամբ` Հայաստան ՔԲԿ-ի համար երկրորդ Քանդիլ է: (Իրաքի մէջ գտնուող Քանդիլ շրջանին մէջ կը գտնուի ՔԲԿ-ի գլխաւոր ռազմաճամբարը):
Պէտք է նկատել, որ Օղանի յայտարարութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան թուրք-քրտական բախումներու մէջ հայկական տարրը ներքաշելու հերթական փորձ:
Վերոնշեալ թեմայով «sputnuknews»-ի թրքական ծառայութիւնը զրուցած է Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու, ներքին գործերու, անվտանգութեան ու հետախուզութեան յանձնաժողովներու նախկին անդամ Ալի Հայտար Օների հետ: ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` զրոյցին վերջինիս հարց ուղղուած է թէ արդեօք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանային գիծին թրքական զինուժին կողմէ կ’իրականացուի նմանատիպ լայնածաւալ գործողութիւն: Օներ ի պատասխան ըսած է.
«Չեմ կարծեր, թէ ռազմական գործողութիւններու սահմանագիծը ընդլայնելու կարիք կայ, քանի որ իմաստ չկայ: Իշխանութիւններուն կ’ըսէին, որ Հայաստանի հետ հաշտութիւն տեղի պիտի ունենայ, սակայն ինչպէս տեսանք, հայերը անոնց աչքերուն փոշի փչեցին:
Մենք ըստ էութեան խնդիր չունինք մեր հայ քաղաքացիներուն հետ: Հայաստանի հետ ալ խնդիր չունինք, բայց Հայաստան կը շարունակէ քէնութիւնը: Արխիւները բանալով կարելի է Հայաստանի հետ կապուած անցեալի իրադարձութիւններուն գնահատական տալ, բայց հայերը կը շարունակեն տուրք տալ կարծրատիպերուն եւ թշնամական զգացումներուն»: