Շառլ Ազնաւուր պատրաստ է ներգաղթեալները ընդունիլ իր երկրորդ տան մէջ

Շառլ Ազնաւուր ֆրանսական թերթի մը տուած հարցազրոյցին հաստատած է, որ կը ցանկայ ներգաղթեալները ընդունիլ իր երկրորդ տան մէջ:
Այս մասին կը յայտնէ Radio Mitre-ն` ընդգծելով, որ աշխարհահռչակ երգիչը մտադրութիւն ունի շարժական տուն ստեղծելու, ուր ապաստան կրնայ գտնել իւրաքանչիւրը, որ «կը թակէ դուռը»:
«Պատրաստ եմ ողջունելու ներգաղթեալները: Կան միջոցներ «շարժական տուն» գնելու եւ տարածք այն տեղակայելու համար», – աղբիւրը կը մէջբերէ Ազնաւուրի խօսքը: