Ֆրանսական օրեր Արցախի մէջ
Սեպտեմբեր 17-19 Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կ’իրականացուի «Ֆրանսական օրեր Արցախի մէջ» փառատօնը, որուն ծիրէն ներս տեղի կ’ունենան Ֆրանսան եւ անոր մշակոյթը ներկայացնող շարք մը ձեռնարկներ: Փառատօնի նպատակն է սերտացնել Արցախի եւ Ֆրանսայի միջեւ հաստատուած բարեկամական կապերը եւ ընդլայնել երկխօսութիւնն ու համագործակցութեան ոլորտները:
aparaj.am-ի փոխանցմամբ` փառատօնի ծիրէն ներս Արցախ կը ժամանեն «Ֆրանսա-Ղարաբաղ» բարեկամութեան շրջանակի, Արցախի համայնքներու հետ բարեկամացած Ֆրանսայի քաղաքներու, «Սատար Ղարաբաղին» միութեան եւ Ֆրանսայի հայկական համայնքի մօտ 200 ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ ու լրագրողներ:
«Ֆրանսական օրեր Արցախի մէջ» փառատօնի ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են Ստեփանակերտի Ֆրանսայի պուրակին մէջ «Յաւերժութիւն» քանդակի (հեղինակ Թորոս) հանդիսաւոր բացման եւ «Փոլ Էլիւարի Տուն» ֆրանքոֆոնիայի կեդրոնի հիմնարկէքի արարողութիւններ, գրական-գեղարուեստական ցերեկոյթ Ստեփանակերտի թիւ 1 դպրոցին մէջ, արցախեան եւ ֆրանսական խոհանոցներու ներկայացում, «Եզնիկ Մոզեան» արհեստագործական ուսումնարանի բացման արարողութիւն Շուշիի մէջ, ֆրանսական «Ֆոլիմաժ» արուեստանոցի մանկական շարժական ֆիլմերու շնորհանդէս Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ, Ղարաբաղ-Ֆրանսա բարեկամութիւնը խորհրդանշող բացիկներու պատրաստման մրցոյթ Ստեփանակերտի Ս.Շահումեանի անուան պուրակին մէջ: Փառատօնը կ’աւարտէ Սեպտեմբեր 19-ին ֆրանսահայ երգիչ Փաթրիկ Ֆիորիի համերգով Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ: