Նինոծմինտայի Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ վերաօծումը կը կայանայ Հոկտեմբեր 13-ին
Նինոծմինտայի Մեծ Արագեալ գիւղի Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ վերականգնման եւ բակի բարեկարգման աշխատանքները կը մօտենան աւարտին, եւ Հոկտեմբեր 13-ին տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին փոխանցեցին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմէն, մինչ բացման արարողութիւնը Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան կատարած էր եկեղեցւոյ եւ զանգակատան գմբէթներու խաչերու եւ զանգի օծման կարգը:
Արարողութեան մասնակցած են Մարնէուլի շրջանի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Տէր Խորէն վարդապետ Յովհաննիսեան եւ Նինոծմինտայի շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Արմաշ քահանայ Պօղոսեան:
Եկեղեցւոյ խաչերու եւ զանգակատան օծման արարողութիւններէն յետոյ կատարուած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած մարմարէ խաչքարի օծման արարողութիւնը: