Սրտաբաններու եւրակովկասեան 5-րդ համաժողովը ամփոփեց իր աշխատանքները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/zzz.jpg)
Սեպտեմբեր 12-ին իր աշխատանքները ամփոփեց Սրտաբաններու եւրակովկասեան 5-րդ համաժողովը, որ կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան եւ «Ակցիա Առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ:
Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած էինք, համաժողովին կը մասնակցէին 50-է աւելի օտարազգի եւ սփիւռքահայ անուանի սրտաբաններ Ֆրանսայէն, Մոնաքոյէն, Մեծ Բրիտանիայէն, Լիբանանէն, Ռուսաստանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն եւ շուրջ 200 մասնագէտ Հայաստանէն ու Արցախէն:
Գիտական զեկոյցներով հանդէս եկան Բագրատ Ալեքեան` (Ռուսաստան) «Ենթամաշկային սրտային միջամտութիւնները-վիրահատական մեծ վտանգի ենթակայ հիւանդներու մօտ», Իւէ Լուվար` (Ֆրանսա) «Սրտի զարկերակի ստենդաւորման արդիւնաւէտութիւնը բազմաանօթ եւ բազմամաս սրտային հիւանդութիւն ունեցող հիւանդներու մօտ», Վահան Մխիթարեան` (Հայաստան) «Կլինիկական դրութիւն» զեկոյցով, Աւետիս Մատիկեան` (Ֆրանսա) «Հայ-ֆրանսական հիւանդանոց. վերջին նորութիւններ» թեմաներով: Ընդհանուր առմամբ ներկայացուեցան արդի սրտաբանական մարտահրաւէրներուն առնչուող 21 զեկուցումներ:
Նշուած զեկոյցներու ներկայացումէն յետոյ տեղի ունեցաւ աշխոյժ կառուցողական քննարկում եւ միտքերու փոխանակում, որուն ընթացքին ծնած դիտարկումներն ու ատոնց արդիւնքով կայացած եզրահանգումները, ինչպէս նշուեցաւ համաժողովի ամփոփման ընթացքին, իրենց հերթին կրնան նպաստել սրտաբաններու գիտական գործունէութեան յետագայ ուղղորդման:
Սրտաբաններու եւրակովկասեան 5-րդ համաժողովը կարեւոր խթան էր Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ սրտաբանութեան ոլորտի նորարարական եւ արդիւնաւէտ մեթոտները, փորձը իրար փոխանցելու եւ տուեալ բնագաւառը բարելաւելու ու կատարելագործելու համար: