ՀՀ սփիւռքի նախարարը հանդիպում ունեցաւ տեղեկատուական գիտարուեստի ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/t11.jpg)
Սեպտեմբեր 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպում ունեցաւ տեղեկատուական գիտարուեստի ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ:
Կարեւորելով տեղեկատուական գիտարուեստներու հնարաւորութիւններու կիրառմամբ Սփիւռքի մէջ մայրենիի ուսուցման ելեկտրոնային նոր ծրագիրներու մշակումն ու արդիւնաւէտ օգտագործումը՝ Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Պէտք է օգտագործել հնարաւոր միջոցները հայոց լեզուի ուսուցման հնարաւորութիւնները մեծցնելու ուղղութեամբ: Աշխարհասփիւռ հայութեան ուծացումը կանխելու եւ մեր հայրենակիցներու համար հայերէնը համացանցի մէջ ամենակիրառուող լեզուն դարձնելու համար անհրաժեշտ է, որ ընենք ամէն հնարաւորը: Այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ բարձր գիտարուեստի ուղղութեամբ նոր ձեռքբերումներ կը գրանցուին: Անոնց մէջ փոքր չէ նաեւ մեր հայրենակիցներու դերը: Հաշուի առնելով այս հզօր աշխարհի հնարաւորութիւնները՝ մենք պէտք է օգտագործենք զայն հայոց լեզուն աշխարհի չորս ծագերուն պահպանելու համար: Ձուլման գործընթացը արագ կ’ընթանայ, կը պակսի հայկական դպրոցներու աշակերտներու թիւը: Այնպէս, որ պէտք է միաւորենք մեր ջանքերը հայոց լեզուն անխախտ եւ կենսունակ պահելու համար»:
Տեղեկատուական գիտարուեստի ոլորտի կառոյցները, որոնք կը զբաղին նաեւ ելեկտրոնային-ուսուցողական ծրագիրներու մշակմամբ, ներկայացուցին իրենց կողմէն մշակուած ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրագործման հնարաւորութիւնները:
Նկատի առնելով Սփիւռքի տարբեր համայնքներու առանձնայատկութիւնները եւ կրթական խնդիրներուն տարբերակուած մօտեցումը՝ քննարկուեցան նաեւ առկայ ծրագիրները վերամշակելու եւ արդիականացնելու հարցը: