BBC News. Սուրիահայերէն շատերը հաստատուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/սիրիահայ-Արցախ.jpg)
Եւրոպայի մէջ փախստականներու ճգնաժամը սկսելէն ետք, Հայաստանը մի քանի հազար սուրիացիներ ընդունած է, մասնաւորապէս` քրիստոնէական հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ: Այդ մասին news.am-ի փոխանցմամբ` կ’ըսուի BBC News-ի յօդուածի մէջ:
ՄԱԿ-ի փախստականներու գործակալութեան (UNHCR) տուալներով, ճգնաժամի սկիզբէն մինչ օրս 15 հազար սուրիացիներ հաստատուած են Հայաստանի մէջ:
Փախստականներու մեծ մասը Ցեղասպանութենէն փրկուածներու ժառանգներն են: 1915թ.-էն ետք Տէր Զօրի շրջանը դարձած էր անապատի միջով “մահուան երթ”-էն փրկուած հայերու կեցութեան հիմնական վայրը:
Բայց մէկ դար անց սուրահայերը կ’ուղեւորուին Պէյրութ, ուրկէ օդանաւերով կու գան Հայաստան: