Թուրք Ոստիկանները Ճիզրէի Մէջ Հակահայկական Արտայայտութիւններ Հնչեցուցած Են
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/25870.jpg)
Արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր թրքական ոստիկանութեան կողմէ շրջափակման մէջ գտնուող Շըրնաք նահանգի Ճիզրէ գաւառին մէջ սեփական ժողովուրդի նկատմամբ թրքական իրաւապահ մարմիններու ատելութիւնը կրկին դրսեւորուած է հակահայկական արտայայտութիւններով:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ թրքական յայտնի «Թարաֆ» պարբերականը հրապարակած է տեսանիւթ մը, ուր հնչեցուող կրակոցներէն ետք ոստիկաններէն մէկը հեգնանքով կը սկսի գոռալ. «Հայերը ձեզմով կը հպարտանան: Բոլորդ հայ էք»:
Ի պատասխան նման յայտարարութիւններու` Ճիզրէի բնակիչներէն մէկը լացակումած սկսած է պոռալ. «Պարոն նախագահ, ձեզի ձայն կու տամ: Արդէն բաւական է, պարոն նախագահ, բաւական է… Աստուծոյ սիրոյն, բաւական է»:
Ճիզրէի մէջ Սեպտեմբեր 4-ին ընդունուած փողոց դուրս գալու արգելքը կը շարունակուի: Ճիզրէի տարբեր հատուածներու մէջ կը շարունակուին լսուիլ կրակոցներու ձայներ: Դադրեցուած է հեռախօսային ցանցի եւ համացանցի հասանելիութիւնը: Կը նշուի, որ գաւառին մէջ չկայ նոյնիսկ ելեկտրականութիւն: Հացի փուռերուն մօտ կը գոյանան մեծ հերթեր: Հաց գնելու նպատակով փողոց դուրս եկած 5 տարեկան 3 երեխայ ոտքէն հրազէնով վիրաւորուած է: Փողոց դուրս գալու արգելքին պատճառով Ճիզրէ չեն հասնիր շտապ օգնութեան մեքենաները: Մէկ շաբաթուան ընթացքին Ջիզրէի մէջ զոհուած է 14 քաղաքացի, շատերը վիրաւորուած են վիրաւորներու շարքին են երեխաներ: Ճիզրէի մէջ արդէն կը տարածուին համաճարակները, մասնաւորապէս` Նուր թաղամասին մէջ:
Թուրքիոյ քրդական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը Սեպտեմբեր 9-է ճանապարհ դուրս եկած է Ճիզրէ հասնելու համար, սակայն ոստիկանութիւնը Ճիզրէէն մէկ քմ. հեռաւորութեան վրայ վերջնականապէս թոյլ չէ տուած անոնց մտնել գաւառ: Քրտական կուսակցութեան պատուիրակութեան կազմին մէջ է նաեւ Սթամպուլէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան: Պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէ կուսակցութեան առաջնորդ Սելահաթթին Տեմիրթաշ: