«Քամփ Արմէն»-ի Զօրակցութեան Համերգ
Կէտիքփաշա թաղի Հայ աւետարանչական եկեղեցւոյ սեփականութիւն ըլլալով հանդերձ, ապօրէն կերպով գրաւուած «Քամփ Արմէն» ճամբարի դիմադրութիւնը կը շարունակուի: «Նոր Զարթօնք» շարժումի նախաձեռնութեամբ գոյացած զօրակցութիւնը կը շարունակէ ճամբարի տարածքէն ներս հերթապահութիւնը:
Այս նիւթին շուրջ հասարակութեան ուշադրութիւնը վար պահելու միտումով, ձեռնարկուած է երաժշտական միջոցառում մը: «Նոր Զարթօնք» շարժումի գործիչներէն Նորայր Օլկարի «Ակօս»-ին փոխանցած տեղեկութեան համաձայն՝ համերգը պիտի կրէ «Քամփ Արմէն՝ մեր Աթլանթիսը» խորագիրը:
Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Շիշլիի «Քենչ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ կայանալիք համերգին մասնակցութիւն պիտի բերեն Քարտեշ Թիւրքիւլեր, Մեթին-Քեմալ Քահրաման, Իլքայ Աքքայա, Այշէնուր Քոլիվար, Եաշար Քուրթ, Արթիւր Պաղտասարեան, «Սայաթ Նովա» երգչախումբ, Սիպիլ Փէքթորոսօղլու, Լիտա Քէօսէօղլու եւ Պարթեւ Կարեան: