Կը մեկնարկէ Սրտաբաններու եւրոկովկասեան 5-րդ համաժողովը

Սեպտեմբեր 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան եւ «Ակցիա Առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կը մեկնարկէ «Սրտաբանութեան եւրոկովկասեան 5-րդ համաժողովը» (Euro-Caucasian Congress of Cardiology), որուն կը մասնակցին 50-է աւելի օտարազգի եւ սփիւռքահայ անուանի սրտաբաններ` Ֆրանսայէն, Մոնաքոյէն, Մեծ Բրիտանիայէն, Լիբանանէն, Ռուսաստանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Վրաստանէն եւ շուրջ 200 մասնագէտ  Հայաստանէն ու Արցախէն

Ժ.16:00-ին տեղի կ’ունենայ համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը (հասցէն` Վ.Սարգսեան 26/1, Էրեբունի պլազա բ/կ, 9-րդ յարկ, «էրեբունի» սրահ):

Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գան ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան:

Համաժողովի նպատակն է նպաստել սրտաբանութեան ոլորտի զարգացման, աշխարհի հայ սրտաբաններու ներուժի համախմբման, Հայաստանի Հանրապետութեան, Սփիւռքի եւ Արցախի սրտաբաններու համագործակցութեան, մասնագիտական որակներու բարձրացման, կատարելագործման եւ անոնց միջեւ փորձի փոխանակման:

Scroll Up