Թուրքիոյ Մէջ 2 Օրուան Ընթացքին 32 Ոստիկան Եւ Զինուոր Մահացած Է

Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու եւ թրքական անվտանգութեան ուժերու միջեւ զինուած բախումներու հետեւանքով  երկու օրուան մէջ 32 թուրք ոստիկան եւ զինուոր մահացած է: Այս մասին կը յայտնէ ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Milliyet» պարբերականը:

Հաքքարի նահանգի Եուքսեքովա շրջանի Տաղլըճա գիւղին մէջ քիւրտ զինեալներու կողմէ նախօրօք ականապատուած ճանապարհով անցնելու ընթացքին երկու զինուորական զրահամեքենայ պայթած է: Թուրքիոյ ԶՈՒ գլխաւոր գրասենեակի պետի պաշտօնական յայտարարութեան համաձայն` պայթիւնի հետեւանքով 16 թուրք զինուոր մահացած է, եւս 6–ը վիրաւորուած են: Զրահամեքենաներու պայթիւնէն ետք թրքական օդային զինուժի միջոցով Տաղլըճայի մէջ ռմբակոծուած են  «Քիւրտիստան բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ- PKK)  պատկանող 13 թիրախ:

Իգտիր նահանգի Տիլուճու սահմանային անցակէտին` Թուրքիոյ եւ Նախիջեւանի անկախ շրջանի սահմանին նախապէս ականապատուած ճանապարհէն անցնելու ժամանակ  մէկ ոստիկանական մեքենայ պայթած է,  որուն հետեւանքով  14 ոստիկան զոհուած է:

Թունճելիի մէջ ճանապարհին վերահսկողութիւն իրականացնող ՔԲԿ-ականները ծանր վիրաւորած են ոստիկան Քատրի Օզքարայը, որուն դուստրը այդ պահուն անոր կողքին եղած է եւ նոյնպէս վիրաւորուած է: Հիւանդանոց տեղափոխուած ոստիկանը աւելի ուշ մահացած է:

Մարտինի Տարգեչիթ շրջանին մէջ եւս ականապատուած ճանապարհով անցնող ոստիկանական մեքենան հեռակառավարմամբ պայթեցուած է, որուն հետեւանքով  վիրաւորուած չորս ոստիկաններէն մէկը հիւանդանոցին մէջ մահացած է:

Scroll Up