Աղուան Վարդանեանի Քաղաքական Կարեւոր Հանդիպումները Ուրուկուէյի մէջ

“ԼՂի հարցը ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ մարդու իրաւունքի հարց է ” անգամ մը եւս կը հաստատեն Ուրուկուէյի քաղաքական շրջանակները։
Նախաձեռնութեամբ Ուրուկուէյի Հայ Դատ Յանձնախումբին, Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ գաղութները այցելած ընկ. Աղուան Վարդանեանը գտնուեցաւ Մօնթէվիտէօ եւ կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ մեր երկրի քաղաքական ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ։
Առաջին հանդիպումը կայացաւ Արտգործ Նախարարութեան քաղաքական հարցերու ընդհանուր տնօրէն Մարթին Վիտալի հետ, որուն ընթացքին Աղուան Վարդանեանը ողջունեց Ուրուկուայի ազնիւ կեցուածքը Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի հարցով նաեւ յոյս յայտնելով որ Հաաստան-Ուրուկուէյ արդէն ջերմ յարաբերութիւնները աւելի խորանան եւ հասնին բարձրագոյն մակարթակի։
Մարթին Վիտալն ալ իր կարգին ողջունելով Ա. Վարդանեանի այցելութիւնը, անգամ մը եւս հաստատեց թէ Հայատան-Ուրուկուէյ երկկողմ կապերը ոչ միայն կը գտնուին ամենաբարձր մակարթակի վրայ այեւ անոնք աւանդական են եւ կու գան տարիներու հեռաւորութենէն։ իսկ Արցախի հարցով, Վիտալ կրկին վստահեցուց թէ Ուրուկուէյի Կառավարութեան դիրքորոշումը շատ յստակ է եւ մենք սկզբունքային դիրք որդեգրած ենք, որուն հիմքը մարդու իրաւունքներու, արդարութեան, մարդկային հիմնարար արժէքներու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման հարցերն են եւ այս կապակցութեամբ, մեր այս դիրքէն ոչ մէկ ետքայլ, այլեւ դէպի յառաջ քայլեր առնելն է, վստահեցուց Մարթին Վիտալը որ շատ երիտասարդ դիւաագէտ մըն է եւ իր խօսքերէն ի յայտ եկաւ որ ան խորապէս ծանօթ է եւ կը տիրապետէ Արցախի հակամարտութեան մանրամասները։
Արտգործ նախարարութենէ ետք Աղուան Վարդանեանի յաջորդ հանդիպումը Խորհրդարանի մէջ էր, ուր ան ընդունուեցաւ Հայաստան-Ուրուկուէյ Բարեկամութեան Յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ Միջազգային Հարցերով Քաղաքական Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի անդամներու կողմէ։
Հանդիպումը գլխաւորեց հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ եւ Հայ Դատի զօրակիցներէն ծերակոյտի անդամ, Ռուբէն Մարթինէս Ուէլմօ, որ ըսաւ թէ մեծ պատիւ մըն է ընդունիլ Հաաստանի ԱԺ-ի պատգամաւոր Աղուան Վարդանեաը եւ Հայ Դատ Յանձնախումբի անդամերը։ Խօսելով Հայաստանի եւ Արցախի մասին, Ուէլմօ շեշտեց թէ բոլոր քաղաքական ուժերը, որոնք ներկայացուած են օրէնսդիր երկու պալատներու մէջ, միատեսակ դիրքորոշում ունին, յատկապէս մեզի համար ըսաւ ան, Արցախի կառավարութեան եւ անոր ժողովուրդի մարդու հիմնարար իրաւունքները, ինչպէս նաեւ անոր ինքնորոշման իրաւունքը, չեն կրնար փոխարինուիլ զուտ շահաբեր յարաբերութիւններով։ Ծերակոյտի անդամը նաեւ յիշեց տարաբաղդ ընկ. Վահան Յովհաննէսեանը, որ իրենց պատգամաւորական խումբին, երկու տարի առաջ, ընկերակցած էր Արցախ այցելութեան ընթացքին։
Խօսք առին նաեւ մնացեալ պատգամաւորները որոնք գրէթէ կրկնեցին իրենց պաշտօնակիցներու կեցուածքները թէ Հայաստանի եւ թէ յատկապէս Արցախի իրենց զօրակցութեան նկատմամբ, նոյնիսկ անոնցմէ մին, պատգամաւոր Տանիէլ Ռատիոն, հաստատեց ըսելով թէ Արցախը անբաժանելի մասն է Հայաստանին եւ մենք իբրև քաղաքական գործիչեր, մեր կարելի միջոցներով պիտի աշխատինք միջազգային գետնի վրայ, Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումին ի խնդիր։
Ընկ. Աղուան Վարդանեանի այս կարեւոր հանդիպւմները անգամ մը եւս եկան հաստատելու որ Ուրուկուէյը, թէ պետական եւ թէ օրէնսդրական մակարթակերով, հաւատարիմ կը մնայ իր սկզբունքներուն, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ ի մասնաւորի Արցախի հարցին։
Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբ