«Կը Զօրակցինք Երկխօսութեան, Հակառակ Նախկին Ապարդիւն Փորձառութիւններուն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի բացարձակ զօրակցութիւն յայտնեց երկխօսութեան` ընդգծելով, որ հակառակ նախկին ապարդիւն փորձառութիւններուն, պէտք է կառչած մնալ երկխօսութեան եւ ամէն ջանք ի գործ դնել լուծելու համար երկրին կուտակուած հարցերը:

«Երկխօսութեան մասնակցող քաղաքական բոլոր ուժերը ազգային պատասխանատուութիւն ունին Լիբանանի դիմագրաւած հարցերուն ելքեր ապահովելու, եւ հեռու մնալու յոռետես ենթադրութիւններէ, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան նախկին փորձառութիւններուն հետ բաղդատութիւններ կատարելէ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up