Սուրիոյ մէջ աւազէ փոթորիկէն շնչահեղձ եղած է 3 մարդ

Հարեւան Իրաքէն Սուրիա պատուհասած աւազէ փոթորիկը կաթուածահար ըրած է Եփրատի հովիտի  շարք մը շրջաններու բնակիչներու կեանքը:

1in.am-ի փոխանցմամբ` խիտ փոշիի ամպերը քամիի հետ հասած են Դամասկոս եւ երկրի կեդրոնական  քանի մը այլ քաղաքներ:

Ինչպէս յայտնած է Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար Նիզար Եազիճին, կապուած աւազէ փոթորիկին հետ` բոլոր բժշկական հաստատութիւնները աշխատած են արտակարգ կարգով:  Վտանգաւոր խումբին մէջ  յայտնուած են սրտանօթային համակարգի խնդիրներ, շնչառական եւ (Allergy)  դիւրազգացութեան հիւանդութիւններ ունեցող քաղաքացիները:

Տուժած է տարբեր տարիքի մօտ 5000 քաղաքացի, որոնց մօտ ի յայտ  եկած են շնչառական խնդիրներ: Համա քաղաքէն հաղորդուած է շնչահեղձութեամբ մահուան 3 դէպքի մասին:

 

Scroll Up