Թուրքիոյ ԶՈՒ յատուկ ստորաբաժանման զօրքերը մտած են Հիւսիսային Իրաք

Թուրքիոյ Հաքքարիի Եուքսեքովա շրջանի Տաղլըճա գիւղին մէջ նախօրէին տեղի ունեցած թուրք -քրտական արիւնալի բախումներէն յետոյ, որոնց ընթացքին 16 թուրք զինուոր սպաննուած էր, Թուրքիոյ ԶՈՒ յատուկ ստորաբաժանման զօրքերը այսօր մտած են Հիւսիսային Իրաք`այնտեղ փախած քիւրտ գրոհայիններուն յայտնաբերելու համար: Այս մասին ermenihaber.am -ի փոխանցմամբ` կը յայտնէ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքը: Ըստ աղբիւրի` Թուրքիոյ ԶՈՒ ռազմական ինքնաթիռները հետապնդած ու ռմբակոծած են Հիւսիսային Իրաք փախած քիւրտ զինեալներու 20 հոգինոց խումբին: Անոնցմէ առնուազն 12-ը սպաննուած են:
Թուրքիոյ ԶՈՒ կողմէ երէկ եւ այսօր իրականացուած լայնածաւալ գործողութիւններուն ընթացքին ընդհանուր առմամբ սպաննուած է 100 քիւրտ գրոհային:
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 6-ին Հաքքարիի Տաղլըճա գիւղին մէջ «Քրտական բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) կողմէ` ականապատուած ճանապարհով անցնող 2 թրքական զրահամեքենայ պայթած էր: Որուն ի պատասխան թրքական օդային զինուժը սկսած է ռմբակոծել քիւրտ զինեալներու յենակէտերը: Բախումները դեռեւս կը շարունակուին: