Կարօ Փայլանը Հայկական Ճամբարին Վրայ Իրականացուած Յարձակման Հարցով Դիմած է Թուրքիոյ ՆԳՆ

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ  Փայլանը Թուզլայի հայկական «Քամփ Արմէն» ճամբարի կազմաքանդման դէմ պայքարողներուն վրայ ազգայնականներու յարձակման հարցը բարձրացուցած է խորհրդարանին մէջ: Ըստ Ermenihaber.am-ի` թրքական «Demokrathaber» լրատուական կայքը յայտնած է, որ յարձակման հետեւանքով երկու հոգի վնասուածքներ ստացած է:

Փայլանը Ներքին գործոց նախարար Սելամի Ալթընոքին ուղարկած է գրաւոր հարցումներ` պահանջելով պատասխանել հետեւեալ հարցերուն.

  1.    Արդեօ՞ք 08.09.2015 թուականին «Քամփ Արմէն»-ի վրայ յարձակման հետ կապուած հետաքննութիւն սկսած է: Եթէ ոչ, ինչո՞ւ:
  2.  Վերոնշեալ դէպքէն յետոյետագայ հնարաւոր յարձակումներու պարագային ճամբարի կամաւորներու կեանքի անվտանգութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ արդեօ՞ք ՆԳՆ-ն անվտանգութեան միջոցներ ձեռնարկած է կամկը մտածէ՞ այդ ուղղութեամբ:
  3.    13.08.2015 թուականին «Քամփ Արմէն»-ի վրայ յարձակում իրականացուցածներուն նկատմամբ հետաքնութիւն տարուա՞ծ է: Եթէ այո, ուստի ի՞նչ են արդիւնքները: Իսկ եթէ չէ իրականացած, ինչո՞ւ:
  4.   Արդեօ՞ք պատահական է, որ ճամբարի կամաւորներուն վրայ ակնյայտօրէն սադրիչ բնոյթ կրող յարձակումը համընկած է դիմադրութեան 125-րդ օրուան եւ 1955 թուականի Սեպտեմբեր 6-7-ի դէպքերու 60-րդ տարելիցին հետ, թէ՞ անիկա կազմակերպուած ծրագիրին մէկ մասն է:
  5. «ՔամփԱրմէն»-իվրայմահակներովյարձակածյանցագործներունգործողութիւններըկազմակերպուածքաոսայինծրագիրիմասըլլալուհաւանականութեանվերաբերեալհետախուզականստորաբաժանումներըձեզիտեղեկութիւնհաղորդա՞ծեն:
  6. «ՔամփԱրմէն»-իվրայնախապէսծրագրուածյարձակումներուդէմիրաւապահմարմիններըինչո՞ւմինչեւայժմանվտանգութեանմիջոցներչենձեռնարկած:

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 7-ի գիշերը` 01:30-ին անյայտ անձերու խումբ մը մահակներով յարձակած է Սթամպուլի Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայկական մանկատան ճամբարին մէջ հերթապահող հայ երիտասարդներու վրայ: Ասիկա «Քամփ Արմէն»-ի վրայ իրականացած 2-րդ յարձակումն է, առաջինը եղած էր ճամբարի կազմաքանդման դէմ պայքարող երիտասարդներու հերթապահութեան 100-րդ օրը:

Scroll Up