«Հայրիխ Պիօլլ» Հիմնադրամը Իրականացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Գիտաժողով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/25516.jpg)
Պեռլինի մէջ` «Հայրիխ Պիօլլ» հիմնադրամի կողմէ, Սեպտեմբեր 6-ին իրականացած է գիտաժողով` «Անցեալի ներկան. 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարի անց» խորագիրով:
Artsakhpress.am-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ գիտաժողովը կազմակերպած է «Հայրիխ Պիօլլ» հիմնադրամը «Գերմանահայկական ընկերակցութեան» հետ միասին։
Բացման խօսքով հանդէս եկած են հիմնադրամի տնօրէն Սերգեյ Լակոտինսքին եւ «Գերմանահայկական ընկերակցութեան» նախագահ Ռաֆֆի Կանտեանը: Գիտաժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցած են Պունտըսթագի փոխնախագահ, «Միութիւն 90/Կանաչներ» կուսակցութեան անդամ Քլաուտիա Ռոթը, նոյն կուսակցութեան անդամ, Պունտըսթագի պատգամաւոր Փիթըր Մայուալտը, «Հայնրիխ Պիօլլ» հիմնադրամի Սթամպուլի գրասենեակի տնօրէն Քրիստիան Պրաքելը, ԵՊՀ փրոֆէսըր Աշոտ Հայրունին, «Յուշամատեան» կայքէջի հիմնադիր Վահէ Թաչճեանը, Սթամպուլի Սապանչի համալսարանի հետազօտող Այշենուր Քորքմազը, Թուրքիոյ մէջ քաղաքական հետապնդումներու հետեւանքով Գերմանիա գաղթած հրապարակախօս Ռեճեփ Մարաշլին եւ ուրիշներ: Բանախօսները ներկայացուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան հակիրճ պատմութիւնը, ականատեսներու վկայութիւնները, քննարկած են Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ իրականացուելիք անհրաժեշտ քայլերը:
Ձեռնարկին մասնակցած են Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Ա. Սմբատեանը, ԳԴՀ-ի մէջ հաւատարմագրուած այլ երկիրներու դիւանագէտներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, գերմանացի պատմաբաններ, լրագրողներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ: