Արցախի Մէջ Կրկին Բամպակ Պիտի Մշակուի
Վերջերս ԼՂՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հրաւէրով Արցախ կը գտնուէր Ուզպեքիստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան եւ ջրային տնտեսութեան նախարարութեան գիտա-արտադրական կեդրոնի եւ բազմացման, սերմնաբուծութեան ու բամպակի մշակութեան գիտահետազօտական հիմնարկի բամբակագործութեան տարրալուծարանի վարիչ, գիւղատնտեսական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Հակիմժոն Սայիտալիեւը, որ Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան պատասխանատուներու ուղեկցութեամբ եղած է Հատրութի շրջան:
Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` մասնաւորապէս, Արաքսի հովտին մէջ նախանշուած են բամպակի մշակութեան համար բարենպաստ տարածքներ`փորձնական մշակութիւն իրականացնելու համար, որու արդիւնքներէն ետք նաեւ` ապագային անիկա մասսայականացնելու նպատակով:
Այնուհետեւ ԼՂՀ գիւղնախարար Արամ Մխոյեանի մօտ տեղի ունեցած է սեմինար-խորհրդակցութիւն, որու ժամանակ քննարկուած են դիտարկման արդիւնքները: Ուզպեքիստանցի գիտնականը նախարարութեան պատասխանատուներուն մանրամասն ներկայացուցած է բամպակագործութեան առանձնայատկութիւնները: Ա. Մխոյեան նշած է, որ աշխարհի մէջ մեծ ճանաչում ունեցող Ուզպեքիստանի առաջատար մասնագէտներու հետ սկիզբ դրուած համագործակցութեան արդիւնքով շուտով հանրապետութեան մէջ կրկին բամպակ պիտի մշակուի, ի դէպ, սպիտակ բամպակէն բացի, նաեւ աշխարհի մէջ լայն պահանջարկ վայելող ու մեծ շահութաբերութիւն ունեցող գունաւոր բամպակ: Ըստ նախարարին, պիտի ներդրուին չորադիմացկուն, քիչ խոնաւութիւն պահանջող տեսակներ: