Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարքը եւ եպիսկոպոսները համապատարագած են Սրբազան Պապին հետ

Սեպտեմբեր 7-ին Սրբազան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ միասին Հռոմի Սուրբ Մարթայի տաճարին մէջ համապատարագած են Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամէն. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսները, ինչպէս նաեւ` Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի նախագահ քարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, քարտուղար արքեպիսկոպոս Գիրիլ Վասիլը, ենթաքարտուղար Հայր Լորենցօ Լորուսսոն: Այս մասին կը տեղեկանանք armenianchurchco.com կայքէն:
Սուրբ Պատարագի ընթացքին միասին Քրիստոսի Զոհը մատուցելը եւ միասին Քրիստոսին հաղորդուիլը լրումն է այս տարուան Յուլիս 25-ին Սրբազան Քահանայապետին կողմէ նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք Ամէն. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի-ին շնորհուած եկեղեցական հաղորդութեան, որ սահմանուած կանոն է եկեղեցական իրաւունքին մէջ եւ նշանն է ինքնավար եկեղեցւոյ գլխու` Պատրիարքի, եւ Սրբազան Պապի միջեւ նուիրապետական հաղորդութեան (կանոններ` 76, 92):
Արհ. Տ. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեան Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժինին հետ նոյն օրը ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին կը պատմէ, թէ անցեալին Սրբազան Պապի եւ Պատրիարքի միջեւ հաղորդութեան այդ արտայայտութիւնը եղած է ծածկոյթի տուուչութեամբ, որ եպիսկոպոսական եմիփորոնի նման հանդերձանք է եւ մինչ օրս կը գործածուի լատին արարողակարգին.օրինակ, Պապը կը շնորհէ այն նորընտիր միթրոփոլիտներուն: Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ծածկոյթի տուուչութեան կը փոխարինէ համապատարագումը:
Սրբազան Հօր խօսքերով, Սրբազան Պապը Սբ. Պատարագի ժամանակ աղօթած է Տիրոջը եւ խնդրած, որ դիւրացնէ նորընտիր հայ կաթողիկէ Պատրիարքի առաքելութիւնը եւ որ ան ամրապնդուած մնայ Քրիստոսի մէջ: Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտած է, որ հայ ժողովուրդը քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին ժողովուրդն է, որ մինչեւ այսօր կը հալածուի Քրիստոսի համար:
Յիշեցնեմ, որ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսները այս օրերուն` Սեպտեմբեր 1-10, Հռոմի Լեւոնեան վարժարանին մէջ կը գումարեն սինոտի արտահերթ նստաշրջան: