Թատերական ներկայացում Յունաստանի մէջ

Յունահայ արուեստի եւ հասարակական գործիչ Հայկ Գասարճեանի մասնակցութեամբ,  Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի Նիքիոյ շրջանի քաղաքապետարանը կազմակերպած է թատերական երեկոյ` զայն ձօնելով Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի Յունաստանի Ազգային դիմադրութեան հերոսներուն: Այս մասին «Հայերն այսօրին» Աթէնքէն կը հաղորդէ «Հայաստան» լրատու ցանցը:

«Յարգանք զոհերուն եւ Ազգային դիմադրութեան հերոսներուն» խորագիրը կրող թատերական ներկայացումը տեղի  պիտի ունենայ` Սեպտեմբեր 9-ին, Նիքիոյ մշակութային կեդրոնի թատրոնին մէջ:

Նշենք, որ Յունաստանի Ազգային դիմադրութեան իրենց հերոսական ներդրումը  ունեցած են յունահայերը, որոնցմէ հարիւրներով զոհուած են:

Scroll Up