Չորս հազար ԻՊ գրոհայիններ փախստականներու անուան տակ ներխուժած են Եւրոպա
Փախստականներ ձեւանալով` Եւրոպական միութեան երկիրներ ներթափանցած են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան աւելի քան չորս հազար գրոհայիններ, կը յայտնէ Sunday Express թերթը` վկայակոչելով խմբաւորման աղբիւրը, կը գրէ armradio.am-ը:
Աղբիւրին խօսքով, ներթափանցման գործողութիւնը յաջող անցած է: Ան յայտնած է նաեւ, որ փախստականներու հոսքին մէջ ներթափանցումը կը կատարուի թրքական Իզմիր եւ Մերսին քաղաքներուն մէջ, ուրկէ Միջերկրական ծովով կը հասնին Իտալիա, ապա կը մեկնին եւրոպական այլ քաղաքներ` մասնաւորապէս Շուէտ եւ Գերմանիա:
Lenta.ru -ի փոխանցմամբ աղբիւրը յայտարարած է, որ գրոհայիններու գործողութիւնը իրականութեան մէջ վրէժխնդրութեան սկիզբն է` Ամերիկայի ղեկավարած միջազգային դաշնութեան հասցուցած օդային հարուածներուն դիմաց: «Մենք կ’ուզենք խալիֆայութիւն ստեղծել ոչ միայն Սուրիոյ մէջ, այլեւ ամբողջ աշխարհի մէջ,- յայտարարած է ան: