Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Մուսա Լերան Հերոսամարտի Կեդրոնական Վարչութեան Նախագահ Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի
Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով` ուրբաթ, 4 սեպտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ` վեր. Տիգրան Անդրէասեանի նուիրուած յուշ երեկոյ` կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական համայնքին:
Հանդիսութեան ներկայ էին Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քենտիրճեան: Ան ըսաւ, թէ հանդիսութիւնը նուիրուած է այն մարդուն, որ դարձաւ այն քիչերէն, որոնք հերոսներ էին իրենց հաւատքով եւ քրիստոնէութեամբ եւ որոնք կարողութիւնը եւ տեսլականը ունեցան ըմբոստանալու, պայքարելու եւ ոչ ըսելու` յոյս ներշնչելով ժողովուրդի մը, որ պիտի սպաննուէր եւ տեղահանուէր:
Բացման խօսքէն ետք Արփա Սնապեան-Անտոնեան ներկայացուց Սիամանթոյի «Յաղթանակ մը» ասմունքը:
Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան ներկայացուց վեր. Տիգրան Անդրէասեանի կենսագրականը` նշելով այն բոլոր փորձառութիւնները եւ պարագաները, որոնք պատճառ դարձան, որ երիտասարդ հոգեւորականը դառնայ թրքական կառավարութեան ընդդիմադիր եւ ղեկավարէ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպչական աշխատանքները` դառնալով հերոսամարտի կեդրոնական մարմինի ատենապետ եւ ձեռնհասօրէն վարելով իրեն վստահուած պաշտօնը ամբողջ հերոսամարտին ընթացքին: Պատուելի Ագպաշարեան անդրադարձաւ նաեւ վեր. Անդրէասեանի տարած հովուական ծառայութիւններուն, ստանձնած բոլոր պաշտօններուն եւ գրական գործերուն ու հրատարակութիւններուն:
Այնուհետեւ Անդօ Մսըրլեան կատարեց 2 երգեր` ընկերակցութեամբ Յասմիկ Այնթապլեանի (Ֆլիւթ) եւ Յակոբ Քերքեզեանի (Կիթառ):
Ձեռնարկի բանախօս վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան ըսաւ, թէ «վեր. Անդրէասեանի ականատես ըլլալը եւ մասնակից դառնալը Զէյթունի տարագրութեան իր ընտանիքին հետ` խթան հանդիսացած են, որ ան կողմնակից ըլլայ ընդդիմութեան եւ ինքնապաշտպանութեան որոշումին»:
Վեր. Մսըրլեան մանրամասնօրէն ներկայացուց վեր. Անդրասեանի ստանձնած բոլոր աշխատանքները հերոսամարտին նախորդող շրջանին, հերոսամարտին ընթացքին եւ հերոսամարտէն ետք Փոր Սայիտի վրանաքաղաքին մէջ:
Ան ըսաւ, թէ վեր. Անդրէասեան եղած է համեստ եւ խուսափած է ծափահարութենէ ու փառաբանանքէ, ինչպէս նաեւ եղած է առաջին անձը, որ գրաւոր կերպով անդրադարձած է Սուետիոյ ապստամբութեան:
Վեր. Մսըրլեան անդրադարձաւ վեր. Անդրէասեանի տարած հոգեւորական եւ գրական աշխատանքներուն` շեշտելով անոր կարեւոր դերակատարութիւնը Մուսա լերան վրայ` հերոսամարտին ընթացքին:
Ան իր խօսքի աւարտին բարձր գնահատեց Մուսա լերան հերոսամարտի մարտիկները, որոնք քաջաբար նահատակուած էին 1915-ին: Ան յոյս յայտնեց, որ Մուսա լերան պատմական աւանդը կարելի ըլլայ փոխանցել նոր սերունդին:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաներուն բաժնուեցաւ վեր. Տիգրան Անդրէասեանի «Զէյթունի տարագրութիւնը» գիրքը եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: