Պօղոս Սնապեանի Տուն-Թանգարանի Բացում

Իր կենդանութեան ունեցաւ տեսլականը, սակայն զայն իրականացած տեսնելէ առաջ արդէն անկենդան դարձաւ:

Հայութեամբ եւ հայկականութեամբ բաբախուն Այնճարի մէջ շաբաթ, 5 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ բազմավաստակ գրականագէտ, գրաքննադատ, կրթական գործիչ եւ մտաւորական, մուսալեռցի Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանին, ուր մտնելով կարելի չէ չզգալ լուռ, սակայն խօսուն ներկայութիւնը գլխագիր մարդուն` Պօղոս Սնապեանին: Տուն-թանգարանի բացումը նուիրուած էր նաեւ նահատակ Յովհաննէս Լուրջեանի յիշատակին:

Սալբի Քիւրքճեան¬Թաշճեան

Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան

Բացման խօսքը արտասանեց Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան, որ անդրադարձաւ ժողովուրդներուն կեանքին մէջ հայ գրականութեան կարեւորութեան` շեշտելով, որ ժողովուրդը կը գնահատուի, երբ գիտակից է գրականութեան ամրոցը ամուր ու կանգուն պահելու, զարգացնելու եւ գեղեցկացնելու հրամայականին: Ան լուսարձակի տակ առաւ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ բազմաթիւ սերունդներու գրականութեան սէր ներարկած Պօղոս Սնապեանը, որ` «անօթին տակ գրկած թուղթերէն շատ աւելին ունէր մեզի պատմելիք ամէն անգամ, երբ լսարան մտնէր գրականութիւն դասաւանդելու»: Սալբի  Քիւրքճեան-Թաշճեան լուսարձակի տակ առաւ դասախօս Սնապեանին բծախնդրութիւնն ու խստապահանջութիւնը, ուսանողներուն հետ անոր մտերմութիւնը եւ անոնց փոխանցուած արժէքաւոր պատգամներն ու խորհուրդները: Ան նշեց, թէ Պօղոս Սնապեան այնքան ընելիք ու տալիք ունէր, որ կը փափաքէր ապրիլ գոնէ հինգ հարիւր տարի, որպէսզի ամբողջացնէ ընելիքները: «Այսօր, յիշելով կեանքի կարգ մը դրուագներ, մխիթարանքներէն մէկը կը դառնայ այս քարաշէն կառոյցը, որ իր դռները կը բանայ գրականասէր հանրութեան դիմաց, տակաւին մատուցելու այն, զոր ինք չհասաւ ըսելու մեզի, եւ կը ձգէ, որ իւրաքանչիւրս իր կարգին յայտնաբերէ Պօղոս Սնապեան հեղինակը, խմբագիրը, դասախօսը, գրաքննադատը», ըսաւ Ս. Թաշճեան:

Ապա ներկաները ունկնդրեցին Պօղոս Սնապեանի կողմէ իր «Պարը» գրութենէն հատուածի մը ընթերցումը:

Եսայի Հաւաթեան

Եսայի Հաւաթեան

Անկէ ետք խօսք առաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի Կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան, որ յիշեց մարդու տեսակները` աննշան ապրող եւ հեռացողները, լոկ որոշ ժամանակի համար յիշուողներն ու մոռցուողները եւ անոնք, որոնք աշխարհ գալէ ետք շարժում կը ստեղծեն, ճամբայ կը բանան, պայքարելով վաստակ, իրագործում ձեռք կը բերեն, իսկ անոնց մեկնումով անսահման պարապութիւն մը կը ստեղծուի: Ան հաստատեց, որ վերջին տեսակին լաւագոյն օրինակներէն մէկն է Պօղոս Սնապեան, որ չի մեռնիր, որովհետեւ կը շարունակէ յիշուիլ իրերայաջորդ սերունդներու կողմէ:

Ե. Հաւաթեան յայտնեց, որ Պօղոս Սնապեանը արդարօրէն կարելի է կոչել «Մեծն Պօղոս Սնապեան»: «Մեծ անոր համար, որ մեծահոգի էր, բազմավաստակ էր, հայոց լեզուի երկրպագու էր: Մանաւանդ մեծ անոր համար, որ հայ գրականութեան արթուն պահակն էր աւելի քան 50 տարի` հայ գրականութեան տաճարէն վտարելով բոլոր փերեզակներն ու խաչագողները, որոնք արժանի չէին այդ տաճարին մէջ աղօթելու: Մեծն Պօղոս Սնապեան: Կեանք մը ամբողջ հեւք եւ ճիգ ի խնդիր հայ գիրին, հայ գիրքին, հայ թերթին եւ հայ աշակերտին», հաստատեց Հաւաթեան:

Իր խօսքը շարունակելով Ե. Հաւաթեան Պօղոս Սնապեանը նկատեց յարգանք պարտադրող մեծութիւն, հպարտութեան աղբիւր, որ կոչուած է չմաշելու ժամանակի ընթացքին, այլ աւելիով ապրելու եւ ներկայութիւն դառնալու: Ան մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն նկատեց Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանի գոյութիւնը Այնճարի մէջ, որ ապացոյց է մեծն Պօղոս Սնապեանի կեանքի ճանապարհին տարուած բոլոր յաղթանակներուն, ձեռք բերուած յարգանքի արժանի վաստակին:

SNABIAN6_9-05-15

Գեղարուեստական բաժինով Պօղոս Սնապեանի թոռը` Նարօտ Սուրճեան ջութակի եւ Լոռի Այնթապլեան դաշնակի վրայ նուագեցին Փականինի «Քանթապիլէ»-ն եւ Է. Պաղտասարեանի «Ցայգերգ»-ը:

Յակոբ Բագրատունի

Յակոբ Բագրատունի

Ապա Պօղոս Սնապեան գլխագիր ու մեծերուն մէջ իր մեծութիւնը հաստատած մարդուն մասին խօսեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան Պօղոս Սնապեանի հետ անձնական մտերմութենէն ու հարազատ կապէն մեկնած հաստատեց, որ այդ մեծ մարդն ու հայը հանդիսացաւ չխոնարհող եղէգ, սխալն ու թերութիւնը չհանդուրժող, սերունդներ կերտած եւ հայ գրականութեան մեծ ու արժէքաւոր ժառանգ ձգած անհատականութիւն: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանի կարեւորութիւնը` միշտ հաղորդակից մնալու անոր անձին, գործին ու հարստութեան: (Յակոբ Բագրատունիի խօսքին ամբողջութիւնը):

Թամար Սնապեան-Սուրճեան

Թամար Սնապեան-Սուրճեան

Աւարտին տուն-թանգարանի կառուցման գաղափարին, զայն կեանքի կոչելու ընթացքին մասին խօսեցաւ Պօղոս Սնապեանի դուստրը` Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ Պօղոս Սնապեան թէեւ կը փափաքէր ունենալ տուն-թանգարան, սակայն սկզբնական շրջանին դէմ էր զայն հանրութեան բանալու գաղափարին, որ շատ խորթ կը թուէր անոր, սակայն որոշ ժամանակ մը ետք իր հաւանութիւնը տուած էր, սակայն չէր հասած տեսնելու իրականութիւն դարձած այդ կառոյցը: Ան բացատրեց, որ ամբողջ կեանքի մը ուղին` իր բոլոր մանրամասնութիւններով, ստեղծագործական ճոխ վաստակը կարելի չէր փոքր տարածութեան մէջ սեղմել, այդ պատճառով ալ ընտանիքին ձգտումը եղած է ներկայացնել Սնապեանի կեանքին կարեւորագոյն եւ յատկանշական դրուագները:

Ան բացատրեց, որ տուն-թանգարանին մէջ զետեղուած են Սնապեանի 32 հատորները, անոր խմբագրած գիրքերը, «Բագին»-ի բացառիկներ, «Միջնաբերդ» տարեգիրքը, «Ազդակ-գրական»էն նմուշներ, Սնապեանի անձնական իրերը, անոր վկայականները, վիճակացոյցները, Յակոբ Օշականի սրբագրութիւններով եւ թելադրանքներով յորդուն աշակերտական շարադրութեան տետրակները, դիմանկարներ, լուսանկարներ, անգտանելի եւ հնատիպ գիրքեր, Յակոբ Օշականի վերարկուն, Արամ Մանուկեանի գրիչը, Եդուարդ Պոյաճեանի ընկոյզի փայտով շինուած գրադարանը, նամակներ, ձեռագիրներ եւ այլն:

Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար եղած էին իրենց տուն-թանգարանը իրականութիւն դարձնելու` նշելով, որ անիկա բաց պիտի ըլլայ բոլորին առջեւ, որոնք կրնան ժամադրութեամբ այցելել ընտանեկան պարագաներուն հետ կապ հաստատելով:

Թամար Սնապեան-Սուրճեան իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ տողերով. «Թանկագի՛ն հայր, կրնաս հանգիստ ննջել, մենք տէ՛րն ենք քու ժառանգութեանդ, քու թողած հարստութեանդ, մենք` բոլորս, եւ այս տուն-թանգարանը թող ըլլայ մեր համեստ նուիրաբերումը քու խնկելի յիշատակիդ»:

Ապա տեղի ունեցաւ «Պօղոս Սնապեան տուն-թանգարան»-ի պաշտօնական բացումը, եւ ներկաները առիթ ունեցան շրջագայելու եւ հաղորդակից դառնալու Պօղոս Սնապեանի ու անոր արժէքաւոր ժառանգութեան հետ:

Լուսանկարները` ԱՐՇՕ Պ.-ի եւ ԴԱԼԱՐ Ա.-ի

 Ազդակ

Scroll Up