Աւստրիացի եւ գերմանացի կամաւորները կ’օգնեն ներգաղթեալներուն հեռանալ Հունգարիայէն

Աւստրիայէն Հունգարիա ուղեւորուած է շուրջ 150 մեքենա, որպէսզի տեղափոխէ այնտեղ գտնուող Միջին արեւելքէն ժամանած ներգաղթեալները:
BBC-ի հաղորդմամբ` շարասիւնի կազմին մէջ աւստրիական եւ գերմանական մեքենաներ են:
Փախստականներուն կը տեղափոխեն Աւստրիա եւ Գերմանիա շոգեկառքերով եւ հանրակառքերով: Կամաւորներէն մէկը BBC-ի թղթակիցին տեղեկացուցած է, որ իրենք կը ցանկան փախստականներուն տեղափոխել Վիեննայի մօտակայքը տեղակայուած ճամբարներ:
Միեւնոյն ժամանակ ոստիկանութիւնը կամաւորներուն խնդրած է չտեղափոխել փախստականներուն, քանի որ ատիկա մարդոց անօրինական տեղափոխութիւն է:
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր շարունակ ներգաղթեալները մնացած են Պուտապեշտի կայարանին մէջ, քանի որ երկրի իշխանութիւնները անոնց չէին ձգեր հեռանան, որմէ յոգնած փախստականները սկսած են ոտքով քալել դէպի Աւստրիոյ սահմանը: