Ջաւախքի մէջ կ’իրականացուի ուրուաքարի փառատօն

Ջաւախքի մէջ Սեպտեմբեր 1-էն կ’իրականացուի ուրուաքարի փառատօն: Փողոցային ուրուաքարի փառատօնը կազմակերպուած է «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի եւ «Բաց սահմաններ» ոչ կառավարական կազմակերպութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի կլոր սեղան» հիմնադրամի, ՀՀ մարմնակրթութեան  եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարարութեան եւ հայ-զուիցերական «Արմվիսբանկի» ֆինանսական աջակցութեամբ:  Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ akhaltskha.net-էն:

Նախագիծը կ’իրականացուի միայն Ախալքալաքի եւ Նինոծմինտայի մէջ: Շէնքերու վրայ կը պատկերազարդուին, ինչպէս հայ-վրացական բարեկամութիւնը խորհրդանշող նկարներ, այնպէս ալ Ջաւախքի յայտնի մարդոց նկարներ: Նախագիծը կ’իրականացուի մինչեւ Սեպտեմբեր 10:

Հարկ է նաեւ նշել, որ նախագիծին ցաւօք ընդգրկուած չէ Սամցխէ-Ջաւախքի մարզական կեդրոն Ախալցխան, ուր հայ եւ վրաց ազգաբնակչութիւնը կ’ապրի կողք-կողքի գրեթէ հաւասար թուաքանակով եւ այդ «Յանուն խաղաղ հարեւանութեան» ուրուաքարի փառատօնի իրականացումը նաեւ Ախալցխայի մէջ անշուշտ աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէր տուեալ ծրագիրը:

 

Scroll Up