ԼՂՀ ՊՆ. Ատրպէյճան Որդեգրած Է Իրավիճակը Պատերազմականին Մօտեցնելու Յանցաւոր Մարտավարութիւն

Առաջին գիծին վրայ ատրպէյճանական զինուժի կողմէ ձեռնարկուող սադրիչ գործողութիւններու յաճախականութիւնը եւ այդ ընթացքին կիրառուող զինատեսակներու քանակական ու որակական աճը կը փաստեն, որ Պաքուն, յանձինս իր ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, որդեգրած է իրավիճակը պատերազմականին մօտեցնելու յանցաւոր մարտավարութիւն: Այդ մասին կ՛ըսուի ԼՂՀ ՊՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Վերջին շրջանին հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին մէջ տեղ գտնող զարգացումներն ու անոնց զուգահեռ իրականացուող ռազմաշունչ յայտարարութիւնները ըսուածին վկայութիւնն են: Այսօր արդէն Ատրպէյճան ոչ թէ, ինչպէս առաջ էր, սեփական քարոզչութեամբ կը փորձէ իր իսկ կողմէ ձեռնարկուող նախայարձակ գործողութիւնները մատուցել որպէս հայկական կողմին ուղղուած պատասխան քայլեր, այլեւ տարբեր տրամաչափի հրետանային, հրթիռահրետանային եւ հրաձգային զէնքերէ` հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ պարբերաբար իրականացուող արկակոծումներն ու գնդակոծումները բացայայտ լկտիութեամբ կը ներկայացնէ ոչ այլ կերպ, քան իր ռազմական հնարաւորութիւնները ցուցադրելու մարտավարական ու ռազմավարական կարեւորութեան մտայաղացման իրագործում:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նախազգուշացնէ, որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ որդեգրած այդօրինակ գործելաոճը ոչ միայն պատճառ կը դառնան չարդարացուած ու անդառնալի կորուստներու, այլեւ դէպքերու նման զարգացման շարունակականութեան խորացումը հնարաւոր է յանգեցնէ անկանխատեսելի հետեւանքներու:
Մեկնելով վերոնշեալէն` Արցախի Հանրապետութեան ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարութիւնը կը տեղեկացնէ ինչպէս Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան, այնպէս ալ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմամբ զբաղուող միջազգային կառոյցներուն, մասնաւորապէս` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն, որ հակամարտ զօրքերու շփման գծին վրայ տեղ գտնող յետագայ սրացումներուն եւ անկէ բխող հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյանայ ատրպէյճանական կողմին վրայ: