Կը կայանայ «Երուանդ Քոչար. սերունդներու երկխօսութիւն» ցուցահանդէսը

Սեպտեմբեր 10-ին, ժամը 14:00-ին Հայաստանի ազգային պատկերասրահը Երուանդ Քոչարի տուն-թանգարանին հետ համատեղ կը հրաւիրէ ներկայգտնուելու «Երուանդ Քոչար. սերունդներու երկխօսութիւն» ցուցահանդէսին, որ  կը ներառէ գեղանկար, գծագրեալ, քանդակ եւ տարածական նկարչութեան օրինակներ: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը հաղորդեն ՀԱՊ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Պիտի ներկայացուին Քոչարի գործունէութեան  փարիզեան եւ երեւանեան շրջանի ստեղծագործութիւնները, երեւանեան շրջանի  գերակշռող հատուածով:

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Հոկտեմբեր 10:

 

Scroll Up