Ֆրանսայի Աժ Սոցիալիստական խմբակցութեան անդամները Շուշիի մէջ

Սեպտեմբեր 3-ին Ստեփանակերտի երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ‹‹Վարանդա›› երգչախումբի համերգը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ aparaj.am-էն:

Համերգին ներկայ էին Ֆրանսայի ԱԺ սոցիալիստական խումբի անդամները, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեան եւ Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ, ԼՂՀ ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, ԼՂՀ ԱԺ փոխնախագահ, ՀՅԴ ԿԿ անդամ Վահրամ Բալայեան, ԼՂՀ ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ, պաշտօնատար այլ անձիք:

Երգչախումբի կատարամբ հանդիսատեսը ունկնդրեց Կոմիտաս, Արեգ Լուսինեան, Ռոպերթ Պետրոսեան եւ այլն:

Scroll Up