Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցով կը մեկնի Ռուսաստանի Դաշնութիւն

Ռուսաստանի Դաշնութիւն աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Նախագահ Սերժ Սարգսեան ս.թ. Սեպտեմբեր 7-ին Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ ՌԴ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Երկու երկիրներու ղեկավարները կը քննարկեն հայ-ռուսական երկկողմ համագործակցութեան առնչուող հարցերու լայն շրջանակ, կ’անդրադառնան քաղաքական, տնտեսական, հումանիտար ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան, միտքեր կը փոխանակեն ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութենէն յետոյ ընդելուզման գործընթացներու ծիրէն ներս համագործակցութեան վերաբերող հարցերու եւ յետագայ ծրագիրներու շուրջ:

Scroll Up