Ատրպէյճանի Մէջ Պատահած Երկրաշարժը Զգացուած է Նաեւ ԼՂՀ-ի եւ Երեւանի Մէջ

Այս առաւօտ, տեղական ժամանակով ժամը 08.49-ին ՀՀ ՏԿԱԻՆ Սեյսմիկ պաշտպանութեան ծառայութեան երկրաշարժաբանական ցանցին կողմէ արձանագրուած է հիւսիսային լայնութեան 41.080 եւ արեւելեան երկայնութեան 47.420 աշխարհագրական տուեալներով (Ատրպէյճան), օճախի 30 քմ խորութեամբ եւ 5.3 աստիճանով երկրաշարժ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ ՏԿԱԻՆ մամուլի ծառայութենէն։

Երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան շարք մը բնակավայրերու` Վանաձոր, Ստեփանաւան, Կապան, Իջեւան, Նոյեմբերեան, Չորաթան, Այգեձոր եւ Երեւան:

Scroll Up