Աղօթենք մեր զինուորներու ապահովութեան եւ մեր սահմանապահ ժողովուրդի խաղաղութեան համար

Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան կը շարունակէ հոգեւոր ծառայութիւնը ու կը փորձէ ըլլալ բոլոր այն վայրերուն մէջ, ուր Աստուծոյ հաւատքով խաղաղութիւն կը տիրէ:
«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` Բագրատ Սրբազան ողջ գիշեր սահմանին եղած է` խաղաղ բնակիչի ու զինուորի կողքին: Աւելի ուշ Սրբազանը facebook-ի իր էջին վրայ գրառած է.
«Սիրելիներ,
երեկոյեան մինչեւ կէսգիշեր, ինտենսիւ` գրեթէ ողջ սահմանի երկայնքով, տարբեր տրամաչափի կրակահերթերից յետոյ այս պահին ընդհանուր խաղաղութիւն է տիրում մեր սահմանպահ գիւղերում: Մեր զինուորները, հրամանատարական անձնակազմը վերահսկում են իրավիճակը բարձր ոգով:
Այսու նաեւ, մեր բոլոր լրատուամիջոցներին, մեծ ու փոքր կայքերին խնդրում եմ անիմաստ, տագնապալի ու չստուգուած լուրեր չտարածել!!! աղօթենք մեր զինուորների ապահովութեան եւ մեր սահմանապահ ժողովրդի խաղաղութեան համար»: