Սահմանում զօրքերի որեւէ տեղաշարժ չի իրականացւում. Արծրուն Յովհաննիսեան

Սեպտեմբեր 3-ի երեկոյեան Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Ներքին Կարմիրաղբիւր, Վազաշէն եւ քանի մը այլ գիւղերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուժը կրկին կրակ բացած է տարբեր տրամաչափի հրազէնէ: Հակառակորդի կրակէն վիրաւորուած է հայկական կողմի 1 քաղաքացի եւ պայմանագրային 1 զինծառայող: Այս մասին Ռազմինֆոյի հետ զրոյցին յայտնեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:
Ան նշեց, որ վիրաւորուած քաղաքացին Ներքին Կարմիրաղբիւրէն է: Անոր արդէն հասցուցած են հիւանդանոց` հակառակ որոշ լրատուամիջոցներու յայտնած այն տեղեկութեան, թէ հակառակորդի կրակի պատճառով հնարաւոր չէ հիւանդանոց հասցնել վիրաւորը:
Յովհաննիսեան յայտնեց, որ իրականութեան չեն համապատասխաներ նաեւ այն լուրերը, թէ հայկական կողմը հրասայլային ուժեր կ’առաջացնէ դէպի սահման: «Զօրքերի որեւէ տեղաշարժ չի իրականացւում», — ընդգծեց մամլոյ քարտուղարը: