Հակառակորդը հրադադարի պահպանման կարգը խախտած է շուրջ 100 անգամ

Սեպտեմբեր 3-ին եւ լոյս 4-ի գիշերը Արցախ-Ատրպէյճան հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը հրադադարը խախտած է շուրջ 100 անգամ: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ ԼՂՀ ՊՆ  մամլոյ ծառայութենէն:

Հակառակ անոր, որ վերջին օրերուն համեմատ խախտումները նուազած են, այնուամենայնիւ հակառակորդը՝ կիռարելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ հրետանային զինատեսակներ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է մօտ 1800 կրակոց: ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումները՝ ճնշելով հակառակորդի շարժը՝ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւնը:

Scroll Up