«Հրանդ Տինք» Միջազգային Մրցանակը Պիտի Յանձնուի Պոլսահայ Լրագրողի Ծննդեան Օրը

«Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակի յանձնման արարողութիւնը ամէն տարուան նման այս տարի եւս պիտի իրականցուի թուրք ազգայնականներու կողմէ սպաննուած Տինքի ծննդեան օրը` Սեպտեմբեր 15­-ին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը, արդէն եօթներերոդ տարին անընդմէջ իրականացուող մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը պիտի կայանայ Սթամպուլի Համագումարներու կեդրոնին մէջ:

«Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակը ամէն տարի կը յանձնուի երկու մարդու կամ կազմակերպութեան, որոնք Թուրքիոյ մէջ կամ երկրէն դուրս կը պայքարին խտրականութենէ, ռասիզմէ եւ բռնութենէ զերծ աշխարհի մը համար, սեփական իտէալներու համար պատրաստ են վտանգի երթալու, կ՛օգտագործեն խաղաղութեան լեզուն եւ նման կերպ կը խրախուսեն եւ կ՛ոգեշնչեն միւսները: «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուող ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւնը նպատակ ունի ցոյց տալու, որ սեփական իտէալներու համար պայքարող մարդոց ձայնը լսելի է, անոնց աշխատանքը` տեսանելի, եւ անոնք միայնակ չեն:

Պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» պարբերականի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինք սպաննուած էր թուրք ազգեանականներու կողմէ 2007 թուականի Յունուար 19-­ին:

Scroll Up